Արցախի Կառավարութիւնը Վստահութեան Քուէ Ստացաւ

ԼՂՀ կառավարութիւնը, ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի դրոյթներով, սահմանուած ժամկէտի մէջ ԼՂՀ Ազգային ժողով ներկայացուցած էր կառավարութեան 2015-2017 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը` միաժամանակ դնելով իր վստահութեան հարցը:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` ծրագրի քննարկումը խորհրդարանի Յունիս 10-ի նիստին աւարտած է ժամը 12:50-ին:
Հիմք ընդունելով այն փաստը, որ մինչեւ Յունիս 11-ի ժամը 12:50, այսինքն` «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ԼՂՀ օրէնքի 101 եւ 102 յօդուածներուն համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին, չէ ներկայացուած կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու մասին որոշման նախագիծ` կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը կը համարուի հաւանութեան արժանացած: