Այսօր «Զուարթնոց» Տաճարին Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ «Լոյս Ի Լուսոյ» Համերգը
Յունիս 11-ին «Զուարթնոց» տաճարին մէջ տեղի կ’ունենայ Տիգրան Համասեանի եւ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբի համատեղ բացօթեայ «Լոյս ի լուսոյ» համերգը, որը եռամաս համերգի առաջին մասն է: Համերգը պիտի սկսի 20:00-ին, մուտքը ազատ է:
Յաջորդ համերգները կը սպասուին Ստեփանակերտի եւ Գիւմրիի մէջ: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Կամերային երգչախումբի ղեկավար Յարութիւն Թօփիկեանը:
«Լոյս ի Լուսոյ» շրջագայութիւնը սկսած է Մարտ 24-ին Երեւանի Մէջ եւ կը շարունակուի: Այս ամսուան ընթացքին նախագիծի ծիրէն ներս համերգներ տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի եւ Գիւմրիի մէջ, այնուհետեւ նաեւ Թուրքիոյ: Տարուայ ընթացքին համերգներով հանդէս պիտի գան Լիբանանի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Չեխիոյ, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի 100 եկեղեցիներու մէջ:
«Լոյս ի Լուսոյ»-ն Տիգրան Համասեանի իւրօրինակ նախագիծն է դաշնամուրի եւ երգչախումբի համար: Տիգրանի նոր երաժշտական նախաձեռնութիւնը 5-էն 20-րդ դարերու հայկական հոգեւոր երաժշտութեան նորովի մեկնաբանութիւնն է, որ 2015-ի Սեպտեմբերին ECM ընկերութեան հետ համատեղ պիտի թողարկուի ձայնասկաւառակի տեսքով: Երգացանկին մէջ հաւաքուած են Մեսրոպ Մաշտոցի, Գրիգոր Նարեկացիի, Գրիգոր Պահլաւունիի, Ներսէս Շնորհալիի, Մխիթար Այրիւանեցիի, Մակար Եկմալեանի ստեղծագործութիւնները: Նախագիծի ծիրէն ներս Տիգրանը կը կատարէ նաեւ Նարեկացիի «Տաղ յարութեան»-ը: