«Հոլանտայի Փառատօն»-ի Ծիրէն Ներս Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Քննարկում

Յունիս 9-ին Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքի «Տէ Պալի» սրահին մէջ «Հոլանտայի փառատօն»-ի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է քննարկում «Յիշողութեան արուեստը. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից» խորագրով, կը հաղորդէ ԱԳՆ-ն :

Քննարկումին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Ամսթերտամի համալսարանի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու եւ մարդաբանութեան փրոֆէսոր, դոկտոր Թոմ Զուանը, որ ներկայացուցած է Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման 3 փուլերը եւ հետեւանքները:

Կլոր սեղանին Հայոց ցեղասպանութեան` իրենց գործունէութեան վրայ ազդեցութեան մասին խօսած են նկարիչ եւ բանաստեղծ Գրիգոր Մոմճեանը եւ բեմադրիչ Թինա Պասթանճեանը:

Ցուցադրուած է վերջինիս կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով 2001-ին նկարահանուած կարճ ֆիլմը:

Կոմիտասի եւ Կիւրճիեւի գործերու կատարմամբ հանդէս եկած է Կիւրճիեւի անուան ժողովրդական գործիքներու անսամպլի ղեկավար, դաշնակահար եւ երգահան Լեւոն Իսկենեանը:

Քննարկման դիտարկուած են նաեւ յիշողութեան տարրը եւ անոր` արուեստի տարբեր միջոցներով հանրութեանը փոխանցելու եւ իրազեկելու կարեւորութիւնն ու անոր առնչուող խնդիրները:

Scroll Up