Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Գանատայի Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

Գանատա տուած պաշտօնական կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Օթթաուայի մէջ այցելեց Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ:
Դեսպանը Նորին Սրբութեան տեղեակ պահեց դեսպանատան տարած աշխատանքներուն մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շեշտեց հայ եւ գանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց դեսպանին ու դեսպանատան աշխատակազմին գործունէութիւնը՝ հայ ժողովուրդը եւ մշակոյթը ծանօթացնելու Գանատայի հանրութեան:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Գանատայի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ Դեսպան Սամի Հատտատին եւ աշխատակազմին կողմէ: Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին ու իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց, որ հակառակ իր կարճ այցելութեան առիթ գտաւ եւ այցելեց դեսպանատուն: Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին ջերմ ընդունելութեան համար: