Ատրպէյճան Պաքուի խաղերու հարցով ձախողման մէջ հիմա ալ կը մեղադրէ հայկական լոպպին

Պաքուի մէջ առաջին Եւրոպական խաղերուն ընդառաջ միջազգային հանրութեան կողմէ առկայ բացասական տրամադրուածութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ այդ խաղերու բացման արարողութեան մասնակցելէ շատ պետութիւններու ղեկավարներու հրաժարելու փաստը կը շարունակէ դրդել ատրպէյճանական կողմը փնտրելու իրավիճակի կարծեցեալ մեղաւորները:
Եւ ինչպէս միշտ ատրպէյճանական կողմի հորիզոնին մէջ կը յայտնուին Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը: Ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը Եւրոպական խաղերուն մասնակցելէ հրաժարող պետութիւններու վարքագիծը արդարացնելու նպատակով այս անգամ մեղադրանքներու թիրախին մէջ դրած է Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, լրատուամիջոցը յօդուած հրապարակած է` նշելով, թէ իբր Պաքուի Եւրոպական խաղերը պոյքոթելու կոչերու յետին կանգնած է Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը, որուն ղեկավար Արամ Համփարեան «թուիթեր»ի իր էջին վրայ համապատասխան գրառում մը կատարած է: Չբաւարարուելով, կարծես, թուիթերեան գրառումը մէջ բերելէն, ԱՊԱՆ «պատմական ակնարկ» մը մէջբերած է Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբէն` նշելով, թէ իբր վերջինս «ԱՄՆ-ի մէջ ամենամեծ եւ ծայրահեղական հայկական կազմակերպութիւնն է»: Աւելի վաղ նոյն իշխանամէտ գործակալութիւնը մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Յունաստանի եւ ԵՄի հասցէին` նշելով, թէ իբր վերջիններս գաղտնի աշխատանքներ կը տանին եւրոպական երկիրներու հետ` յորդորելով անոնց չմասնակցիլ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական խաղերու բացման արարողութեան: Աւելի ուշ, ի հարկէ, թէ’ Յունաստան, թէ’ ԵՄ-ն պաշտօնապէս հերքեցին տարածուած ապատեղեկատուութիւնը` նշելով, որ լրատուամիջոցը իրենց հեղինակութիւնը սեւացնող հրապարակում մը ըրած է:
Ատրպէյճանի մէջ խաղերու բացման արարողութիւններուն մասնակցելէն արդէն հրաժարած է Գերմանիան, որուն ոչ վարչապետը, ոչ ալ ԱԳ նախարարը, ըստ գերմանական ԶԼՄ-ներու, ներկայացուած չեն ըլլալ Յունիս 12-ին Պաքուի մէջ: Ֆրանսան եւս ոեւէ պաշտօնեայի մակարդակով ներկայ չըլլար: Համաձայն Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնյէի յայտարարութեան` բացման երկիր ներկայացնող միակ պաշտօնական դէմքը պիտի ըլլայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Փիէր Անտրիւն: