Իրան Հայաստանին Կ’առաջարկէ դիմել մուտքի վիզաներու երկկողմանի վերացման

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստակամ է խթանելու հիւպատոսական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, կը գրէ Արմէնփրէսը:
Իրանական «Թասնիմ» գործակալութեան փոխանցմամբ` այս մասին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան պետ Վալտիմիր Գարմիրշալեանի հետ Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման նշած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի` հիւպատոսական, խորհրդարանական եւ հայրենակցական հարցերով տեղակալ Հասան Քաշքաւը:
Իրանցի դիւանագէտը ընդգծած է, որ հիւպատոսական աւելի սերտ յարաբերութիւնները ճանապարհ կը հարթեն Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններու միւս երեւոյթներու ընդլայնման համար` ներառելով նաեւ տնտեսական եւ առեւտրային ոլորտները:
Քաշքաւ նաեւ շեշտած է իրանական ղեկավարութեան վճռականութիւնը խթանելու երկկողմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ խնդրել հիւպատոսական վարչութան ղեկավարին հող նախապատրաստել երկու երկիրներու քաղաքացիներուն համար մուտքի վիզայի պահանջի վերացման համար:
Գարմիրշալեան իր հերթին իրանցի գործընկերոջ փոխանցած է Հայաստանի ղեկավարութեան պատրաստակամութիւնը` զարգացնելու երկկողմ համագործակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ` իրաւական, զբօսաշրջութեան, առեւտրի, ներդրումներու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու սպասարկման տարբեր ոլորտներուն մէջ :