Պելճիքայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Մտադիր Է Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/belgiumparliament.jpg)
Պելճիքայի խորհրդարանի Ստորին պալատի մեծամասնութիւնը մտադիր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին RTBF եւ RT պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Պելճիքայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան «Բարեփոխական շարժում» (MR) խմբակցութեան առաջնորդ Տենի Տիւքարմ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յառաջիկային խմբակցութեան առաջնորդը համապատասխան բանաձեւի նախագիծ պիտի ներկայացնէ Ստորին պալատին՝ առ ի քննարկում: Նշենք, որ «Բարեփոխական շարժում»ը միակ քաղաքական ուժը չէ, որ կը պահանջէ անյապաղ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Համախոհութեան անդամ մէկ այլ կուսակցութիւն մը «Ֆլամանտ նոր դաշինքը» (N-VA), Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ արդէն բանաձեւի նախագիծ ներկայացուցած է, սակայն Տիւքարմ շեշտած է, որ նախագիծը տակաւին լուրջ մշակման կարիք ունի, որովհետեւ բովանդակութեան մէջ կը բացակայի Ստորին պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին դրոյթը, ինչ որ, ըստ պարբերականին, Տիւքարմ նկատած է կարեւորագոյն կէտը:
RLN պարբերականը հաստատած է, որ բոլոր կուսակցութիւններն ալ կ՛ուզեն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ թրքական ծագում ունեցող կարգ մը պատգամաւորներու վերաբերումը վէճի պատճառ կը դառնայ: Պարբերականը կը յիշեցնէ «Ժողովրդավարական մարդասիրական կեդրոն» կուսակցութեան օրինակը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժող պատգամաւոր Մահինուր Օզտեմիրը հեռացուած էր կուսակցութեան շարքերէն։
Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998-ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղած Թուրքիոյ՝ ընդունելու իր անցեալը: