Յաղթեց Բարութիւնը. Թուրքիոյ Մէջ Պատգամաւոր Ընտրուած Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի 25-րդ գումարման ընտրութիւններու արդիւնքով պատգամաւոր դարձած հայ Կարօ (Կարապետ) Փայլանը Twitter-ի իր էջին մէջ գրութիւն եւ լուսանկար տեղադրած է: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:
«Յաղթեց բարութիւնը»,-գրած է Կարօ Փայլանը Twitter-ի մէջ եւ տեղադրած է իր եւ քրտական «ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան առաջնորդին հետ կատարուած լուսանկարը:
Նշենք, որ Յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհդարանական ընտրութիւններուն քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած Կարօ Փայլանը, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Մարգար Եսայեանը եւ ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Սելինա Տողանը դարձած են պատգամաւորներ: