Լոս Անճելըսի ֆիլմի փառատօնին առաջին անգամ հայերէնով ֆիլմ պիտի ցուցադրեն

Լոս Անճելըսի 2015 թուականի ֆիլմի փառատօնին առաջին անգամ հայերէնով գեղարուեստական ֆիլմ կը ցուցադրուի: Այս մասին ըստ News.am-ի`կը գրէ «Los Angeles Daily News»-ը:

Յունիս 10-18 նախանշուած փառատօնի ընթացքին 74 գեղարուեստական, 60 կարճամեթրաժ եւ աւելի քան 50 նոր մետիա-աշխատանք պիտի ցուցադրուի: Ծրագիրին մէջ  ներառուած է 35 երկիր:

Հայերէնով ներկայացուելիք գեղարուեստական ֆիլմը` «Արամ, Արամ» վերնագիրով, կը պատմէ ներգաղթեալ տղու մը մասին: Ֆիլմը նկարահանած է Սան Ֆերնանտոյէն Քրիստոֆեր Չամպերսը, իսկ նկարահանումները իրականացուած են Կլենտէյլ քաղաքի եւ Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ:

«Մենք օրէնք մը  ունէինք, որպէսզի հայկական բոլոր կերպարներու դերերուն հայ դերասաններ հանդէս գան»,- ըսած է Չամպերս` նշելով, որ այդ մշակոյթը զինք գրաւած է հայ ընկերներու շնորհիւ, որոնց հետ աշխատած է տեղական արուեստանոցներու մէջ: «Կը ցանկայի այնպէս ընել, որպէսզի մեր մօտ իրական խաղ եւ իրական պատմութիւն մշակուի»,- աւելցուցած է ֆիլմի հեղինակը:

Scroll Up