Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնը Ախալցխայի մէջ

Յունիս 6-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի` Խոր Վիրապէն դուրս գալու յիշատակութեան օրը: Այդ առիթով բազմաթիւ ուխտաւորներ Նինոծմինտայէն, Ախալքալաքէն ու Թիֆլիսէն իրենց հոգեւոր առաջնորդներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի մասնակցելու տօնական պատարագին:

Ուխտաւորներուն հետ Ախալցխա  այցելած էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան եւ Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն վրդ. Սալբեան:

Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական պատարագը մատուցեց Հայր Յակոբ Սահակեան:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան եւ Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն վրդ. Սալբեան Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տօնի առիթով արծաթեայ խաչ նուիրեցին:

Scroll Up