Սերգէյ Սմբատեան պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Արուեստի ու գրականութեան շքանշանով

Յունիս 6-ին Ֆրանսայի մշակոյթի եւ կապի նախարար Ֆլեոր Փելերէն (Fleur Pellerin) Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանին պարգեւատրած է Ֆրանսայի Արուեստի ու գրականութեան շքանշանով:

Այն կրնան ստանալ 30 տարեկանէն բարձր այն արուեստագէտները, որոնք արուեստի ու գրականութեան բնագաւառին մէջ նշանակալի ձեռքբերումներ ունին: Բայց բացառիկ արժանիքներով թեկնածուներու պարագային տարիքը կ’անտեսուի: 27-ամեայ Սերգէյ Սմբատեան այդ բացառիկներէն է:

Կը շնորհաւորենք մայեստրոն եւ կը մաղթենք նորանոր բարձունքներ:

Scroll Up