Մէկ Միլիոն Տոլարի Առողջապահական Օժանդակութիւն՝ Հայաստանին

Հայ բժիշկներու 11րդ համաշխարհային համագումարին ծիրէն ներս Շաբաթ, Յուլիս 6ին կայացած ճաշկերոյթին ընթացքին, առողջապահական «Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ» ընկերութեան հիւանդանոցային բաժանմունքի տնօրէն Մայք Սարեան յայտարարեց, թէ ընկերութիւնը որոշած է մէկ միլիոն տոլարի առողջապահական օժանդակութիւն փոխադրել Հայաստան:
«Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ»ը նաեւ «Ոսկի» մակարդակի հովանաւոր մըն է Հայ բժիշկներու 11րդ համաշխարհային համագումարին: