ԵԱՀԿ գործող նախագահը կը հանդիպի ԼՂՀ Նախագահին հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/19880.jpg)
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակo Սահակեան կը հանդիպի ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւիցա Տաչիչին:
ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթեր»-ի պլոկին վրայ եղած գրառման մէջ կը նշուի, որ հանդիպումը պիտի կայանայ Յունիս 3-ին:
Անցեալին եւս ԵԱՀԿ գործող նախագահները ՂՀ նախագահներուն հետ հանդիպումներ ունեցած են Երեւանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ:
ԵԱՀԿ գործող նախագահ եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւիցա Տաչիչ կ’այցելէ Հայաստան Յունիս 3-ին: Ան կը հանդիպի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանին, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներուն, կ’այցելէ նաեւ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակ եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Նախքան Հայաստան այցելելը Տաչիչ Մայիս 31-ին այցելած է Ատրպէյճան, ապա Վրաստան: