Կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած գիրքերու շնորհանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/2-1.jpg)
Յունիս 1-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով 2014թ հրատարակուած գիրքերու շնորհանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ տարէցտարի մեր հետազօտութիւնների թիւը ոչ միայն չի փոքրանում, այլեւ առաւել թիրախային է դառնում: Հաճոյքով պէտք է նշեմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման առաջին իսկ օրերից ակտիւ ու արդիւնաւէտ համագործակցում ենք ՀՀ Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի, առաւելապէս ակադեմիայի 5-6 ինստիտուտների հետ: ԵՊՀ-ն, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամը եւ ԵՊՄՀ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնները նոյնպէս մեր գործընկերներն են եւ նախանձախնդրօրէն են վերաբերւում մեր դրամաշնորհներին»:
ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան երկարամեայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, նշեց, որ գերատեսչութիւնը մշտապէս կ’աջակցի հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, ձեռնարկներուն:
2014թ. ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած են 12 գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ ունին հայագիտական ուղղուածութիւն, եւ մեծապէս կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայագիտական ուսումնասիրութիւններով զբաղող գիտնականներուն եւ կեդրոններուն:
ՀՀ ԳԱԱ նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Բարխուտարեան անդրադարձաւ «Ռուսաստանի հայ գաղթօճախներու պատմութիւն» աշխատութեան (Վ.Բ Բարխուտարեան, Հ.Ս. Ալեքսանեան (Հիւսիսային Կովկաս, Նոր Նախիջեւան, Աստրախան, Ս. Փեթերսպուրկ, Մոսկուա), որ կը ներկայացնէ Ռուսաստանի հայ գաղթօճախներու բազմադարեայ պատմութիւնը` ատոնց ձեւաւորումէն մինչեւ ժամանակակից փուլ ինկած զարգացումները:
Խօսելով “Programs of Genocide in the Ottoman Empire (1876- 1920)” հետազօտութեան մասին` ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան նշեց, որ գիրքին մէջ տեսական ցեղասպանագիտութեան տեսանկիւնէն համակողմանի հետազօտուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան ծրագիրի ծագումնաբանութեան գործընթացը:
ՀՀ ԳԱԱ լեզուի ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Գալստեան, ներկայացնելով «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տերմինային համակարգերու զուգադրական քննութիւն» (Կազմ` Ն.Գ.Յովհաննիսեան, Ս.Կ.Տիոյեան, Ա.Ս.Գալստեան), աշխատութիւնը` ընդգծեց, որ գիրքին մէջ զուգադրական քննութեան կ’ենթարկուին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի եզրերու շարք մը ենթահամակարգեր, կը մատնանշուին երկու ճիւղերու եզրաբանութեան փոխհարստացման, մերձեցման եւ միասնական զարգացման հնարաւորութիւններն ու ուղիները:
«Հայկական կտակներու իրաւական դաշտի ուսումնասիրութիւն» հետազօտական աշխատանքին անդրադարձաւ (Վ.Գրիգորեան, Լ.Կարապետեան, Մ.Մարտիրոսեան, Լ.Միրզոյեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, ԵՊՀ եւրոպական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն) փորձագէտ Լիլիթ Միրզոյեան: Գիրքին մէջ փորձ եղած է ուսումնասիրել Իսրայէլի, Փորթուկալիոյ, Կիպրոսի եւ Հնդկաստանի մէջ հայերու ձգած կտակներու իրաւական կարգավիճակը` վերհանելով տուեալ երկիրներուն մէջ հայերու կտակներու իրաւական կերպերը` սահմանուած տուեալ երկիրներու օրէնսդրութեամբ, միջազգային մասնաւոր իրաւունքով եւ միջազգային պայմանագիրներով:
«Համընդհանուր ցանցային լեզուի օգտագործմամբ հայերէնի բառապաշարային տուեալներու հենքի մշակում» աշխատութիւնը ներկայացուց ՀՀ ԳԱԱ ինֆորմատիկայի եւ աւտոմատացման խնդիրներու ինստիտուտի տնօրէն Վլատիմիր Սահակեան: Բառարանը համակարգուած կ’անդրադառնայ ժամանակակից լեզուներու բառապաշարին` նորագոյն տեխնիկական միջոցներու հաշուառմամբ:
ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուց` «Գրական Սփիւռք Սփիւռք 2014.» տարեգիրքը (ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինստիտուտ, Հ.Սարիբէկեան, Ա.Նիկողոսեան, Ա.Աւանեսեան), որ կը հրատարակուի արդէն 5-րդ տարին:
«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան անդրադարձաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով իրականացուած իր` «Սփիւռքահայ գրականութեան նուաճումները եւ զարգացման միտումները (1920-1960-ական թթ.)» մենագրութեան: Նիւթը կ’ընդգրկէ անցեալ դարու 20-60-ական թթ. արձակի եւ բանաստեղծութեան ձեւաւորման ու զարգացման միտումները:
Հայագէտ Սոնա Յարութիւնեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» աշխատութեան մասին խօսեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան` նշելով, որ գիրքին մէջ իմի բերուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւններն ու գեղարուեստական գրականութիւնը:
Ս.Սրապիոնեան ընթերցեց հեղինակի շնորհակալական նամակը` ուղղուած նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ուր մասնաւորապէս նշուած էր. «Փորձած ենք ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւններու եւ գեղարուեստական գրականութեան պատկերը, ինչպէս նաեւ վերլուծել Մեծ եղեռնի թեման լուսաբանող միջոցներու (գրականութիւն, թարգմանութիւն, ֆիլմ) ազդեցութիւնը ընթերցողի ու հանդիսատեսի վրայ, միջոցներէն իւրաքանչիւրին հնարաւորութեան սահմանները»:
«Նորավանք» ԳՀԿ գիտական քարտուղար Վահրամ Հովեան հանգամանօրէն ներկայացուց «Արտերկրի հայագիտական կեդրոնները. ներուժի գնահատում» ՀՀ սփիւռքի («Նորավանք» ԳԿՀ) եւ «Սփիւռքի դիրքորոշումները ՀՀ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու շուրջ» հետազօրտութիւնները:
«Արտերկրի հայագիտական կեդրոնները. ներուժի գնահատում» գիրքին մէջ կը դիտարկուին ըստ աշխարհի հետեւեալ չորս խոշոր տարածաշրջաններու` Ամերիկա, Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք եւ յետխորհրդային երկիրներ: Ներկայացուած են արտերկրի մէջ հայագիտական կեդրոններու հիմնման նախադրեալները, այդ կեդրոններու դերը հայութեան կեանքին մէջ, անոնց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ արտասահմանեան հայագիտական կեդրոններու արդի խնդիրներուն եւ ատոնց լուծման ուղիներուն:
«Սփիւռքի դիրքորոշումները ՀՀ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու շուրջ» աշխատութեան մէջ ներկայացուած են Հայաստանի համար կարեւոր աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու ընտրութեան հարցին մէջ Սփիւռքի որոշ լրատուամիջոցներու եւ առանձին հայ փորձագէտներու դիրքորոշումները:
ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժինի վարիչ Ռուբէն Կարապետեան խօսեցաւ «Հայերը սեփական եւ այլազգի միջավայրի մէջ. համեմատական ցեղային-ընկերաբանական հետազօտութիւններ» աշխատութեան մասին (ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ): Գիտական հրապարակումը պետական նպատակային ծրագիրով իրականացուած սփիւռքի հետազօտութիւններու ասպարէզին մէջ բազմամեայ մշակումներու արդիւնք է: Գիրքին մէջ զետեղուած յօդուածները կը հիմնուին 2011-2014թթ. ընթացքին Երեւանի (ՀՀ), Մոսկուայի (ՌԴ), Լոս-Անճելեսի (ԱՄՆ) եւ Թեհրանի (ԻԻՀ) hայերու շրջանին մէջ կատարուած ցեղային-ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններու տուեալներուն վրայ:
Ամփոփելով շնորհանդէսը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը ՀՀ ՍՆ Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան յանձնարարեց առանձնացնել բոլոր ներկայացուող աշխատութիւններուն մէջ վեր բարձրացուած հիմնահարցերը, ձեւաւորել առաջարկութիւնները եւ միջոցներ ձեռնարկել ատոնց գործնականին մէջ կիրառելու ուղղութեամբ: