Թուրք լուսանկարիչին գործերուն մէջ տեղ գտած է հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/fotograflarla_ermeniler_in_izleri_1517131.jpeg)
Թուրք լուսանկարիչ Նուրան Աքքայի 7 տարուան աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող փաստավաւերագրական լուսանկարները գիրքի տեսքով հրատարակուած է «Alef» հրատարակչութեան կողմէ:
ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ ըստ թրքական`«Vatan» թերթի` Աքքայի լուսանկարներուն մէջ տեղ գտած են այնպիսի նկարներ, որոնք կը յիշեցնեն Թուրքիոյ մէջ առկայ հայկական հետքին մասին:
Լուսանկարներներու շարքին մէջ առկայ են Վանայ Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, Հաթայի մէջ գտնուող միակ հայկական գիւղը, ինչպէս նաեւ Կարսի եւ Կայսերի մէջ (Կեսարիա) հայկական պատմամշակութային շարք մը կառոյցներ:
Գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ տարբեր հեղինակային յօդուածներ: