ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ բժիշկ Յակոբ Անթառամեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/Antaranyan.jpg)
Մայիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ բժիշկ- endocrinologist Յակոբ Անթառամեանը:
Ողջունելով հիւրը, նախարարը բարձր գնահատեց Յակոբ Անթառամեանի պատրաստակամութիւնը` իր երկարամեայ բժշկական փորձը Հայաստանի մէջ տարածելու:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Յակոբ Անթառամեան մասնաւորապէս նշեց. «Շատ ուրախ եմ Հայրենիքի մէջ գտնուելուս համար: Վերջին անգամ այստեղ եղած եմ 20 տարի առաջ եւ այսօր արդէն կը տեսնեմ վերափոխուած Հայաստան: Կը ցանկամ ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն, Հայրենիքի մէջ բուժարան հիմնել, դրամատներուն մէջ ներդրումներ կատարել եւ իմ տարիներու ունեցած փորձով օգնել շաքարախտով տառապող հիւանդներուն»:
Անթառամեան նշեց նաեւ, որ կը նախատեսէ աշնան ընտանիքին հետ միասին այցելել հայրենիք, տուն գնել եւ իրականացնել իր նուիրական մտադրութիւնները: