Սուրիական Բանակը Նահանջեց Արիհա Քաղաքէն

Սուրիական բանակը իր ստորաբաժանումները հանած է Իտլէպի նահանգի Արիհա քաղաքէն, որ յայտնուած է «Ժէյշ ալ Ֆաթհ» ծայրայեղական խմբաւորման ձեռքը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, քաղաքը սուրիական բանակի վերջին մեծ յենակէտն էր Իտլէպի նահանգին մէջ:

Վերջին քանի մը ամիսներուն ահաբեկիչները յաջողած են գրաւել Իտլէպ նահանգի շարք մը բնակավայրեր: Մարտի վերջին ապստամբներու ձեռքին յայտնուեցաւ նաեւ Իտլէպ քաղաքը, իսկ Ապրիլին` Ճըսըր աշ Շուղուր քաղաքը: Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան տեղեկացումով, սուրիական բանակը Թատմոր (Փալմիր) հնագոյն քաղաքէն Հոմս տանող ճանապարհին պայթուցիկ սարքաւորումներ վնասազերծած է, որոնք տեղադրած էին «Իսլամական պետութեան» (ՏԱՀԵՇ) ահաբեկիչները: Ընդհանուր առմամբ վնասազերծուած է 18 պայթուցիկ սարք, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կշռէր 10­15 քիլօ:

Սուրիական բանակը Տէր Զօրի ռազմական օդակայանի մօտակայքին, Ճապալիա եւ Սինաա թաղամասերուն մէջ ՏԱՀԵՇ-­ի թաքստոցներ ոչնչացուցած է, որու արդիւնքով տասնեակ ահաբեկիչներ սպաննուած են ու վիրաւորուած, ոչնչացուած են անոնց պատկանող մեծ քանակութեամբ զէնքերը:

Աւելի առաջ՝ Մայիս 24-­ին, բանակը ազգային պաշտպանական ջոկատներու հետ վերահսկողութիւն հաստատած էր օդակայանի քանի մը կէտերու վրայ:

Scroll Up