Թուրքիոյ մէջ պատարագի հայերէն գիրք տպագրուած է

Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը պատարագի հայերէն գիրք մը տպագրած է: Ըստ «Ակօս»-ի` «Սուրբ պատարագ» անունը կրող 264 էջնոց գիրքին մէջ տեղ  գտած են հայերէն զանազան աղօթքներ, նաեւ` գրաբարեան աղօթքներու ժամանակակից տարբերակները:  Սարկաւագ Վաղարշակ Սերոբեան, որ գիրքի ներածականը հեղինակած է, «Ակօս»-ի հետ զրոյցին նշած է, որ շատ  ցանկացած է, որ գիրքը
հրատարակուի:

Ան յայտնած է, որ տպագրման աշխատանքները սկսած են 5 տարի առաջ, նաեւ տեղեկացուցած, որ գիրքը արդէն բաժնուած է բոլոր եկեղեցիներուն, որոնք պատարագի մատուցման օրերուն կը բաժնուին ժողովուրդին, իսկ անոնք, որոնք կը ցանկան գնել, հեշտութեամբ կրնան ձեռք բերել այն:

Scroll Up