Սթամպուլի հայկական որբանոցի ճամբարը փրկուած է, այն կը նուիրաբերուի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին
Սթամպուլի հայկական մանկատան «Քամփ Արմէն» անունով յայտնի ամառնային
ճամբարի շէնքը, որ յայտնուած էր քանդումի վտանգին տակ, արդէն փրկուած
է: Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթի վկայութեամբ` շինութեան ներկայիս
սեփականատէրը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի մանկատունը նուիրաբերել
Կետիք փաշայի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին, կը գրէ
ermenihaber.am-ը:
Մանկատան քանդման դէմ աշխուժրէն պայքարող Թուրքիոյ «Dֆşֆnce
Platformu» («Գաղափարական հարթակ») միութեան ներկայացուցիչ Յարութ Օզերը
թեմային շուրջ մեկնաբանութիւններ ըրած է թրքական «ճzgֆr Radyo»-ի
«Ռատիօ Ակօս» ծրագիրի եթերով:
Ան նշած է, որ Արմէն ճամբարի` հայկական կողմ վերադարձին համար
հանդիպումներ ունեցած են Սթամպուլի Թուզլայի շրջանի ղեկավար Շատի
Եազըճըն, Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ
– AKP) պատգամաւորի թեկնածու հայազգի Մարգար Եսայեանը, հիմնադրամի
փաստաբան Սեպու Ասլանկիլը եւ «Dֆşֆnce Platformu»- ի ներկայացուցիչները:
«Հանդիպումներու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է անշարժ
գոյքի սեփականատիրոջ կողմէ սեփականութեան իրաւունքի նուիրաբերման
շուրջ: Կ’ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին սեփականութեան
փաստաթուղթերը կը յանձնուին» , – ըսած է Յարութ Օզեր:
Իսկ Արմէն ճամբարի շինութեան ներկայիս սեփականատէր Ֆաթիհ Ուլուսոյը
գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Խնդիրի
լուծման վերաբերեալ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի խնդրանքն ու
յանձնարարութիւնը, Սթամպուլի քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշին, ԱԶԿ-ի
Սթամպուլի տարածքային ղեկավար Սէլիմ Թեմուրջին եւ Թուզլայի տարածքային
ղեկավար Շատի Եազըճըն համոզեցին ինծի: Մեր օրերուն, երբ ամէն կերպ փորձ կ’ըլլայ հրահրելու մեր հասարակութեան դիւրազգացութիւնը` կապուած 1915թ.
դէպքերուն հետ, մեր հայ քաղաքացիներու մտքի եւ զգացմուներու խաղաղութեան,
մեր երկրի սոցիալական համերաշխութեան մէջ ներդրում ունենալու նպատակով`
ամենայն յարգանքով կը յայտարարեմ մեր հանրութեան, որ խնդրոյ առարկայ
տարածքը պիտի նուիրաբերեմ Կետիք փաշայի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ
հիմնադրամին»:
Յիշեցնենք, որ «Քամփ Արմէն» հայկական ճամբարը Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ
գտնուող, երէկ լքուած, այսօր արդէն կիսաքանդ շինութիւն մըն է: Ներկայիս
աւերակի վերածուած շինութիւնը ժամանակին եղած է չքաւոր ու որբ հայ
երեխաներու ամառնային ճամբարը: 5.552 քմ տարածք ունեցող «Քամփ Արմէնը» 1961
թուականին գնուած է Հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած է
իբրեւ ամառնային ճամբար` Կետիկ փաշայի հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ
սաներուն համար: Յայտնի է, որ այստեղ մեծցած են նաեւ 2007թ. Թուրքիոյ մէջ սպաննուած յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինքը եւ անոր կին Ռաքէլ Տինքը:
2015 Մայիս 6-ի առաւօտեան ճամբարի ներկայիս սեփականատիրոջ
նախաձեռնութեամբ սկսած էր ճամբար-մանկատան քանդումը, սակայն կարճ
ժամանակ անց Թուրքիոյ հայկական համայնքի սկսած բողոքի լայնածաւալ
ձեռնարկներուն շնորհիւ շինութեան քանդումը ժամանակաւորապէս
դադրեցուած էր: