Եակուտսկի մէջ հայկական մշակութային կեդրոն կը բացուի
Յունիս 2-ին Եակուտսկի մէջ պիտի բացուի Հայկական մշակութային կեդրոնի շէնքը:
Այս օրերուն ներքին յարդարման վերջին աշխատանքները կ’իրականացուին:
«Երկրամաս» պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ, կեդրոնի բացման արարողութեան Հայաստանէն պաշտօնական պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի` Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանի գլխաւորութեամբ:
Տեղի հայ համայնքի նախագահ Անդրանիկ Նաւոյեանի խօսքով, մշակութային կեդրոնի հիմնական խնդիրներէն մէկը կրթութիւնն է: Այստեղ պիտի ուսուցանեն հայերէն, ռուսերէն եւ եակուտերէն: Ընդհանուր առմամբ, Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ 12 մարդ պիտի աշխատի: Բացման արարողութեան ժամանակ կեդրոնին մէջ մեծ համերգ պիտի կայանայ` հայկական, եակուտական եւ ռուսական մշակութային խումբերու մասնակցութեամբ:
Աւելցնենք, որ մշակութային կեդրոնը կառուցած են նոյնպէս վերջերս բացուած Հայ առաքելական Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ: