Հայաստան կը մասնակցի ԱՄՆ-ի մէջ իրականացուող գիրքերու գլխաւոր տօնավաճառին

Հայաստան կը մասնակցի հիւսիսամերիկեան հրատարակչական գործի գլխաւոր ձեռնարկին` «Book Expo America» գիրքի տօնավաճառին: Այս մասին կը գրէ news.am-ը` յղում տալով«Asbarez» պարբերականին:

Տօնավաճառը անգլալեզու հրատարակութիւններու մեծ ընտրութիւն  կ’առաջարկէ:  Ատիկա ամենախոշոր ձեռնարկն է Հիւսիսային Ամերիկայի գրավաճառներու, գրադարանավարներու, գրատպութեան ոլորտի մասնագէտներուն համար: Այս տարի «Book Expo America»-ի ընթացքին աւելի քան 2.000 ցուցանմուշ, 500 հեղինակ եւ 60 համաժողով կը սպասուի:

Հայկական տաղաւարին մէջ գիրքերու եւ հրապարակումներու օգնութեամբ կը ներկայացուի հայկական մշակոյթն ու ժառանգութիւնը: Կը ցուցադրուին վերջին շրջանին Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ տպագրուած գիրքեր: Ձեռնարկին կը մասնակցին նաեւ հրատարակիչներ եւ գրավաճառներ Հայաստանէն:

Մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի ամբողջ աշխարհի մէջ հրատարակուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքերուն: Գիրքերու տօնավաճառին մէջ հայկական տաղաւարը կը բացուի Մայիս 27-ին:

Բացման ժամանակ գիրքերու շնորհանդէսներ եւ ընթերցանութիւն  նախանշուած է, որուն կը մասնակցին Մեթիւ Կարանեան, Սկաուտ Թուֆանքճեան, Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթ, Տանա Ուոլրաթ, Նենսի Գրիգորեան, Մարիան Մեսրոպեան-Մաքքերդին եւ Սոնա Վան: Գիրքի ցուցահանդէս կ’այցելէ նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան:

 

Scroll Up