Սէյրան Օհանեան այցելած է զինուորական հիւանդանոցին մէջ բուժուող զինծառայողներուն
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Մայիս 24-ին այցելած է կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Այս մասին կը տեղեկանանք news.am կայքէն:
Նախարարին ուղեկցած են ԳՇ պետի առաջին տեղակալ, զօրավար Է.Ապրիամով, աշխատակազմի ղեկավար Գ.Հայրապետեան եւ բուժվարչութեան պետ գնդապետ Կ.Խաչատրեան:
Նախարար Սէյրան Օհանեան նախ այցելած է հիւանդ զինծառայողներուն, մանրամասն ծանօթացած անոնց առողջական վիճակին, հանդիպած եւ զրուցած անոնցմէ շատերուն ծնողներուն հետ: Այնուհետեւ նախարարը բժիշկներուն հետ առանձին խորհրդակցութիւն իրականացուցած է, տուած համապատասխան յանձնարարականներ: Իսկ վերջաւորութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան պարգեւատրած է զինծառայողներու կեանքի փրկութեան եւ բուժման հարցերուն մէջ առաւել աչքի ինկած քանի մը բժիշկներու: