Մեկնարկեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան Կողմէ Կազմակերպուած §Օտարագիր Հայ Գրողներու 5-րդ Համաժողովը»
Յուլիս 11-ին Ծաղկաձորի Գրողներու ստեղծագործական տան մէջ մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան §Օտարագիր հայ գրողներու 5-րդ համաժողովը», որուն մասնակցած է 71 գրող Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն:
Բացման խօսքին մէջ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան նշեց. §2005 թուականից պարբերական է դարձել այսպիսի համաժողովների կազմակերպումը: §Մենք փորձում ենք առաւել ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք միասնական գրական դաշտը: Մեր օտարագիր գրողները թարգմանւում եւ տպագրւում են հայերէն: Շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեանը կազմակերպչական հարցերում մշտապէս աջակցելու եւ մեր կողքին կանգնելու համար, ինչի արդիւնքում մեծացել է Հայաստան այցելող մեր հեղինակների երկրների աշխարհագրութիւնը: Դրա վառ ապացոյցն այն է, որ այս համաժողովին մասնակցում է 20 նոր բանաստեղծ»:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցներուն` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Կարապետեան փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը:
§Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողների միութեան այս համատեղ ծրագիրը կոչուած է նպաստելու օտարագիր հայ գրողների ներուժի համախմբմանը, նրանց ստեղծագործութիւնների ճանաչողութեան ընդլայնմանը, Հայրենիքի հետ հայ գրողների կապի ամրապնդմանը», – նշուած էր նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքին մէջ:
Նախարարը յորդորած է միասնական ըլլալ համազգային հիմնահարցերու բարձրաձայնման առումով եւ համոզմունք յայտնած այն մասին, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով օտարագիր հայ գրողներէն շատերը պիտի ստեղծեն մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները ներկայացնող գործեր:
Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի փոխնախագահ Վլադիմիր Աղայեանը, փոխանցելով քոնկրէսի նախագահ Արա Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքը, կարեւոր համարեց համաժողովէն ներս իրարու հետ շփումներու հնարաւորութիւնները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նման համաժողովի կազմակերպման համար` ՀԲԸՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արփի Վարդանեանը նշեց, որ դժուար է Սփիւռքի մէջ հայ մնալ եւ այս առումով շատ կարեւոր է օտարագիր գրողներու դերը Սփիւռքի համայնքներէն ներս նոր սերունդի հայեցի դաստիարակման գործին մէջ: Արփի Վարդանեանը նշեց նաեւ, որ ՀԲԸՄ-ը մշտապէս սիրով կը հովանաւորէ նման նախաձեռնութիւնները:
Ելոյթներով հանդէս եկան ԱՄՆ-էն անուանի հայ գրող Փիթեր Սուրեանը, Փարիզէն Ճուլիեթ Գրիգորեանը, §Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Բ.Գ.Դ. փրոֆէսոր Սուրէն Դանիէլեանը:
Ուիլեամ Սարոյեանի ստեղծագործութեան մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ գրող, հրապարակախօս Արտէմ Յարութիւնեանը, իսկ §Միրի» վէպը ներկայացուց Փիթեր Սուրեանը:
Օրուան երկրորդ հատուածին մէջ համաժողովի մասնակիցները կը դիտեն նաեւ Վոն Փիլիկեանի §Վեհաժողով երկու» շարժանկարը, կ’այցելեն Կեչառիսի վանական համալիր: