ԱՄՆ-ի մէջ հայ մաթեմատիկոսը թռիչքներու անվտանգութեան եզակի համակարգ մշակած է
Վերջին 17 տարիներուն ԱՄՆ-ի մէջ հետազօտողները թռիչքներու կառավարման համակարգերու կայունութիւնը բարելաւելու նպատակով կ’օգտագործեն մաթեմատիկոս Նաիրա Յովակիմեանի հաշուարկները: Մարտին անոր հետազօտական խումբի մեթոտը Քալիֆորնիոյ օդային կեդրոնին մէջ յաջողութեամբ փորձարկուած է «Learjet» ինքնաթիռներու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը գրէ News.am կայքը` յղում ընելով «ECN Magazine»-ին:
Մեխանիքական գիտութիւններու փրոֆէսոր եւ Իլինոյսի համալսարանի գիտնական Յովակիմեան 1988 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը, ուր տեսական մեքանիք եւ կիրառական մաթեմատիկա ուսումնասիրած է: Յետագային ան ուսումը շարունակած է Մոսկուայի մէջ: 1994-1998 թուականներուն շրջագայելով աշխարհով մէկ, օգտուելով սորվելու եւ դասախօսելու առաջարկներէն, եղած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի մէջ:
1998 թուականին ան Ճորճիայի Տեխնոլոկիական համալսարանէն թռիչքներու կառավարման կայունութիւնը հետազօտող խումբի մէջ աշխատելու հրաւէրք ստացած է: Միաժամանակ, ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու եւ NASA-ի հովանաւորութեան շնորհիւ, Յովակիմեան 2003 թուականին կը դառնայ Վիրժինիոյ Տեխնոլոկիական համալսարանի դասախօս: Այնտեղ ալ ան այլ հետազօտողներու հետ համատեղ «L1» վերահսկողութեան տեսութիւն կը մշակէ, որ կրնայ օդաչուին օգնել անսպասելի իրավիճակներու մէջ վերականգնել ինքնաթիռի վերահսկողութիւնը:
NASA-ն մոտելը փորձարկած է տարբեր դժուար պայմաններու եւ զօրավարժութիւններու մէջ: Յաջող փորձարկումներէն ետք Յովակիմեանի հետազօտութիւնը միջազգային ճանաչում կը ստանայ: