«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամները հիւրընկալուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ
Մայիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամները:
Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութեամբ նշեց, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամներու այցելութիւնները ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն աւանդական կը դառնան: «Շնորհակալութիւն ձեր ծանր, հետեւողական եւ պատասխանատու աշխատանքի համար: Հարիւրաւոր ծրագրեր են իրականացուել հիմնադրամի օժանդակութեամբ, որոնք, իրօք, տպաւորիչ են: Ես շատ լաւ ճանաչում եմ Սփիւռքը եւ հասկանում եմ այն դժուարութիւնները, որ ամէն օր հանդիպում էք հայրենիքի եւ Արցախի համար աշխատելիս», – աւելցուց ան:
Նախարարը կարեւոր համարեց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած իրադարձութիւնները, մանրամասն ներկայացնելով կազմակերպուած ձեռնարկները` նշեց, որ այդ ձեռնարկները հայ ժողովուրդի միասնականութեան շնորհիւ անցած են բարձր մակարդակով: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Այս տարին հայ ժողովրդի համար շատ կարեւոր է, եւ մենք բոլորս, մէկ սիրտ, մէկ հոգի դարձած, աշխատում էինք Ցեղասպանութեան տարելիցի միջոցառումները հաւուր պատշաճի իրականացնելու համար: Բոլորի հայեացքը Հայաստանին էր ուղղուած, եւ բոլորն ակնկալում էին բարձր մակարդակ ունեցող միջոցառումներ: Բոլորիս մէջ խօսում էր հայի հպարտութիւնը, ցաւն ու խոնարհումը Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի առջեւ: Հայ ժողովուրդը չի լռելու, շարունակելու է իր պայքարը: Թող Թուրքիան գումար չծախսի խաբելու եւ ժխտելու վրայ, թող փոխհատուցի: Մենք խնդիրներ ունենք, որ կարող ենք ազգովի բարձրաձայնել»,- շեշտեց սփիւռքի նախարարը:
Նախարարը խօսեցաւ նաեւ մշակութային եղեռնի` կորսնցուցած եկեղեցիներու, դպրոցներու, արխիւներու, յուշարձաններու մասին: Մնացած է միայն յիշողութիւնը: Պէտք է յիշել եւ պահանջել:
Տեսաշարով ներկայացուեցան «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները, մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու սրբադասման արարողութիւնը»:
Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան արժանթինահայ բարերար, Մխիթարեան վարժարանի հոգաբարձուներու մարմինի անդամ Գառլոս Փոթիկեանին յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն կրթօճախ» մրցոյթին Մխիթարեան վարժարանի նուաճած` առաջին կարգի մրցանակը` կարեւորելով վարժարանի ուսուցչական կազմի ազգանուէր գործունէութիւնը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ներկայացուց գերատեսչութեան գործունէութիւնը, մանրամասն խօսեցաւ ծրագիրներուն մասին:
Ներկաները նախարարին հարցեր ուղղեցին Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան, հայկական համայնքներէն ներս երիտասարդ սերունդին հայ պահելու, հայոց լեզուի պահպանութեան խնդիրներու շուրջ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին սփիւռքի նախարարին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպման ու իրականացման աշխոյժ մասնակցելուն, սփիւռքը համախմբելուն եւ ոգեւորելուն համար:
Մայիս 27-ին տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 24-րդ նիստը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքներուն իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ մեծ ներդրումը կը բերեն անոր 25 տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի 22 երկրի մէջ:
Տեղական մարմինները սերտօրէն կը համագործակցին իրենց երկիրներու հայ համայնքի եկեղեցական, հասարակական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներու եւ գործիչներու հետ: