Հայաստան չի վախնար «Եւրոտեսիլ» մրցոյթին քուէն կիսել Աւստրալիոյ ներկայացուցիչին հետ. Sydney Morning Herald

«Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի 60-րդ` յոբելեանական արարողութեան առիթով Աւստրալիոյ ներկայացուցիչին` Կայ Սեբաստիանին, տրուած է մեծ եզրափակիչին ելոյթի հնարաւորութիւն, կամ ինչպէս 1in.am-ի փոխանցմամբ` The Sydney Morning Herald-ը կ’անուանէ` «վայրի քարտ»:

Սակայն Կայ Սեբաստիան երգի մրցոյթին միակ աւստրալացի մասնակիցը չէ: Օփերայի երգչուհի Մարի-Ժան Օ`Տոհերթի Պասմաճեան այս տարի նոյնպէս կը մասնակցի` որպէս Հայաստան ներկայացնող Genealogy խումբի մասնակից: Ան ծնած է ԱՄՆ: Հայրը աւստրալացի է, մայրը` ծագումով յունահայ:

«Շատ կը սիրեմ մօրս երկիրը»,- ըսած է Մերին, որ ինք անհանգիստ չէ, որ երկու աւստրալացիներ ենթարկուած են քուէն կիսելու վտանգին: «Ամէն մարդ պէտք է հետեւի իր սրտին»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ Հայաստան, ինչպէս միւս բոլոր մասնակից երկիրները, չեն կրնար քուէարկել իրենց օգտին: Ան վստահ է, որ Հայաստան կը քուէարկէ Աւստրալիոյ համար:

Անոր խօսքով` ինք ապշած է «Եւրոտեսիլ»-էն ներս Սեբաստիանի Tonight Again երգին շուրջ յառաջացած աղմուկէն, եւ վստահութիւն  յայտնած, որ ան պիտի ըլլայ «թոփ 3-ի մէջ», եթէ ոչ` յաղթող:

Հայաստան այս տարի միաւորած է տարբեր մայրցամաքներու հայերը` խորհրդանշելու միասնութիւն: Երկու կիսաեզրափակիչները տեղի կ’ունենան Մայիս 19-ին եւ 21-ին, իսկ մեծ եզրափակիչը` 23-ին:

Scroll Up