Ջիւան Գասպարեան, Անտրէն եւ Պեթին յաջողութիւն մաղթած են Genealogy-ին

Մայիս 19-ին  Վիեննայի մէջ պիտի մեկնարկէ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթը: Հայաստան ներկայացնող Genealogy խումբի անդամներ Եսայի Ալթունեան, Թամար Գաբրէլեան, Վահէ Թիլպեան, Ինգա Արշակեան, Մերի-Ճին Օտոհե՛րթ Վասմաթզեան եւ Ստեֆանի Թօփալեան առաջին կիսաեզրափակիչին ելոյթ կ’ունենան երկրորդ համարի ներքոյ:

Բայց մինչ այդ, հեղինակաւոր երաժիշտ Ջիւան Գասպարեան, Անտրէն եւ Պեթին յաջողութիւն մաղթած են մեր արուեստագէտներուն: Հոլովակներու մէջ, որոնք կարելի է դիտել Genealogy խումբի Facebook-եան էջին վրայ, Ջիւան Գասպարեան, Անտրէն եւ Պեթին բարեմաղթանքներ ուղղած են Genealogy խումբի անդամներուն:

«Մեծ  յաջողութիւն եմ մաղթում ձեզ»,- ըսած է Ջիւան Գասպարեան:

«Ձեր յաղթանակը իմ յաղթանակն է»,-յայտարարած է Անտրէն:

«Մենք ձեզ հետ ենք»,- նշած է Պեթին:

Scroll Up