Քեսապի Իրավիճակը Հանգիստ Է

Հայաշատ Քեասպի մէջ իրավիճակը հանգիստ է, կեանքը կ՛ընթանայ բնականոն հունով, առանց միջադէպերու: Այս մասին «Արմէնփրես»-­ին յայտնած է Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմնի անդամ եւ Քեսապի հայ համայնքի մամուլի խօսնակ Կարօ Մանճիկեանը:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, կարկուտ տեղալուն պատճառով ծառերը եւ բերքը վնասուած են: «Այդուհանդերձ, չենք վհատում: Եթէ խաղաղութիւն ըլլայ, ամէն ինչ իր լուծումը կը ստանայ»,-­ ընդգծած ան:

Նախապէս «Արմէնփրես»-­ի հետ զրոյցին ան ըսած էր, որ թրքական սպառնալիքը առկայ է ամէն օր: Մանճիկեանի խօսքով` Էրտողանի վարչակարգը իր դաւադրութեամբ իրենց համար մշտապէս սպառնալիք կը համարուի այնքան ժամանակ, մինչեւ անոնք բացայայտ յայտարարեն, որ Սուրիոյ եւ նաեւ Քեսապ մէջ  ոտնձգութիւններուն վերջ կը դնեն:

Scroll Up