Թորոնթոյի հայերը կ’աջակցին Ասկերանի շրջանի Իւանեան համայնքին

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղին մէջ կը կառուցուի համայնքին համար խիստ անհրաժեշտ երկու հաստատութիւն` մանկապարտէզ եւ կեդրոն: Ծրագիրները կը համաֆինանսաւորէ ԼՂՀ կառավարութիւնը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մամլոյ  ծառայութեան    փոխանցմամբ` մանկապարտէզի շէնքը արդէն պատրաստ է: Կ’ընթանան դռներու ու լուսամուտներու տեղադրման, ներքին յարդարման աշխատանքները: Եղանակի բարելաւուելուն պէս պիտի սկսուի բակի բարեկարգումը: Աշնան վերջը արդէն կահաւորուած մանկապարտէզը իր յարկին տակ կ’ընդունի գիւղի շուրջ 70 փոքրիկները: Անոնցմէ 14-ը խնամք եւ նախադպրոցական ուսում կը ստանան համայնքի դպրոցին մէջ յարմարեցուած դասասենեակի մէջ: Մանկապարտէզը Թորոնթոյի հայ համայնքի հանգանակութիւններով իրականացուող 10-րդ կրթօճախն է
հայրենիքի մէջ:

Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան, ինչպէս եւ անցած տարիներուն, ժամանած է Արցախ` ծանօթանալու ընթացիկ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայերու կողմէ նախորդ տարիներուն կեանքի կոչուած հաստատութիւններու առօրեային եւ խնդիրներուն, որոնք եւս յաջորդաբար լուծում կը ստանան: «Մեծապէս կարեւոր կը համարենք դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու կառուցումը, քանզի այստեղ կը ձեւաւորուի մեր ապագան»- ըսած է արցախահայութեան մեծ բարեկամ Մկրտիչ Մկրտչեան: Ատենապետը արդէն իսկ ունի նախընտրելի անուն այս համալիրին համար:

Անմիջապէս մանկապարտէզի հարեւանութեամբ պիտի կառուցուի համայնքային կեդրոն, որ մանկապարտէզին հետ միասին նոր կեանք պիտի հաղորդէ պատերազմէն խիստ տուժած համայնքին: Շուրջ 1400 բնակիչ ունեցող համայնքը իր ներկայիս անունը ստացած է ի պատիւ արցախեան ազատամարտի հերոս Քրիստափոր Իւանեանի:

01 02

Scroll Up