Թուրանականները այսպէս սպաննեցին եւ տեղահանեցին հազարաւոր հայ մտաւորականներ
“Հայերն Այսօր”- ի տեղեկացմամբԻրաքեան “Խապարքոմ” անկախ թերթին մէջ Ճալալ Զինկապատին կը գրէ` Քանի որ ազգի մը զարգացած դասը կը համարուի անոր մտաւոր առաջնորդը, եւ անոր բնաջնջելը եւ տեղահանելը կը դիւրացնէ տուեալ ազգի ոչնչացումը, եւ անոր հետ մէկտեղ մշակութային եւ պատմական յուշակոթողներու ոչնչացումը, անոր համար Թուրանականները ծրագրեցին բնաջնջել հայերուն առաջին հերթին բնաջնջելով անոնց մտաւորական ընտրանին:
1915 թ.ի Ապրիլ 25 լոյս 25-ի գիշերը Իթթիհատ Թարրաքի կառավարութեան հրամանով ձերբակալուեցան Կ.Պոլսոյ հայ ժողովուրդի 235 կառկարուն մտաւորականներ, որոնք տեղափոխուեցան Անատոլիա, այնուհետեւ ձերբակալուած մտաւորականներու թիւը հասաւ 1700-ի, որոնք դաժանաբար սպաննուեցան, կարկառուն հայ դէմքեր` քաղաքական գործիչներ, կուսակցական ղեկավարներ, բժիշկներ, գրողներ, խորհրդարանի անդամներ, պատմաբաններ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, դերասաններ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, ճարտարապետներ, կղերականներ, վաճարականներ եւ մարզիկներ:
Ռազմական գործողութիւններէն ապահով վայրեր տեղափոխելու պատրուակով անոնք նախ տեղահանուեցան հեռու վայրեր, սակայն անոնք սպաննուեցան ճանապարհին թուրք ժանտարմաներու եւ յատուկ զօրագունդերու կողմէ:
Այդ մարդկային զոհերուն զուգորդուեցան տնտեսական մեծ կորուստներ, որոնք նաեւ շատ ահաւոր էին: Հայերուն կալուածները եւ դրամատնային հաշիւներն ու ապահովագրութեան վկայականները գրաւուեցան, որոնց կորուստներու թիւը կը հասնի տասնեակ օսմանական ոսկի լերաներու: Բռնագրաւուեցան 2700 եկեղեցի, 500 վանք, 2000 դպրոց…: Որոշ հետազօտողներու կողմէ այդ կերուստներուն թիւը 1915 -1916 թթ. կը հասնի 42-88 ԱՄՆ միլիարի, իսկ 1915-1923 թթ 50-105 ԱՄՆ միլիար տոլարի. սակայն բոլոր այդ արհաւիրքներէն ետք հայ ժողովուրդի ծոցէն դարձեալ ծնան հազարաւոր գրողներ, արուեստագէտներ եւ գիտնականներ:
Ակնածանքով եւ խոնարհումով կ’ողջունենք Հայ ժողովուրդը: