Հայաստանը Կ’օգտուի 500 Միլիոն Սպառողներ Ունեցող ԵՄ Շուկայի Առեւտրային Գործընկեր Դառնալու Հնարաւորութենէ. Ֆիւլէ

 Հայաստան –Եւրոպական միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումն ու Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը նոր փուլ կը նշանակէ ոչ միայն ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն, այլեւ Հայաստանի զարգացման համար: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով ԵՄ պաշտօնական կայքը, յուլիս 10-ին ըսած է Ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէն` հայ ուսանողներու, քաղաքացիական հասարակութեան, լրագրողներու եւ մտաւորականներու հետ հանդիպման ժամանակ: «Միշտ ալ հաճելի է այցելել Հայաստան եւ տեսնել ծաղկուն մշակոյթի հիմքերը, որն այդքան մեծ ազդեցութիւն  ունեցած է ողջ աշխարհի վրայ…ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները  այժմ շատ կարեւոր փուլի մէջ են: Մենք կը թեւակոխենք աւելի խոր եւ համապարփակ համագործակցութեան փուլ: Արդէն շատ մօտ է ընկերակցութեան «Ասոցացման» համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու վերջնական փուլը, եւ ես վստահ եմ, որ սա նոր հնարաւորութիւններ ու հաստատուն օգուտներ կրնայ ընձեռել բոլոր քաղաքացիներուն»,- նշած է Եւրոպական յանձնակատարը:

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան հետ ՀՀ համագործակցութեան` յանձնակատարը նշած է, որ համաշխարհայնացման ընձեռած եզակի հնարաւորութիւներէն օգտուելու համար շատ կարեւոր է կանխատեսելի եւ վստահելի գործընկերներ ունենալը, որոնք կը հասկնան եւ կը կիսեն քո տեսլականը եւ որոնց հետ կարելի է համաձայնութեան գալ համատեղ գործիքներու եւ ուղեծրային քարտէզի մշակման շուրջ: «Մենք պատրաստ ենք ոչ միայն մեր սեփական միջոցներէն ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու, այլեւ խրախուսելու միջազգային այլ նուիրատուներու` հովանաւորելու (Հայաստանի մէջ) իրականացուող բարեփոխումներու ծրագիրները: Սա կրնայ որպէս ամուր հիմք ծառայել միջնաժամկէտ ծրագրաւորման համար, որ կը կեդրոնանայ  շարք մը ընդհանուր նպատակներու վրայ եւ կը գործէ կառավարութեան վերահսկողութեան ներքոյ»,- աւելցուցած է ան:

Շտեֆան Ֆիւլէն նաեւ առանձնացուցած է ԵՄ-Հայաստան ընթացիկ յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնները` ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ հիմնարար ազատութիւններ, հաւասարութիւն, պայքարը կաշառակերութեան դէմ եւ բարեփոխումներ կառավարման համակարգին մէջ: «Զգալի յառաջընթաց  արձանագրուած է ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ, սակայն անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները, որպէսզի իրականացուին վերջին ընտրութիւններէն ետք ԵԱՀԿ բոլոր առաջարկութիւնները, մէջը ըլլալով` օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւնը: Մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ անհրաժեշտ է երաշխաւորել Մարդու իրաւունքներու ազգային ռազմավարութեան արդիւնաւէտ ներդրումը, որ Ասոցացման համաձայնագիրով խրախուսուող հիմնարար արժէքներէն է: Ինչ կը վերաբերի հիմնարար ազատութիւններուն` օրինակ` անհրաժեշտ է արդիականացնել հեռարձակման իրաւական կարգաւորումները` անոնք համապատասխանեցնելով ԵԱՀԿ եւ Եւրոպական Խորհուրդի չափորոշիչներուն: Պէտք է քայլեր ձեռնարկել ՀՀ օրէնսդրութիւնը համապատասխանեցնելու ԵՄ`ազգային հաւասարութեան եւ խտրականութիւններու դէմ պայքարի ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ ուժեղացնելու պայքարը կաշառակերութեան դէմ, բարեփոխումներ իրականացնելու կառավարման համակարգէն ներս եւ ամրապնդելու պետական հաստատութիւնները»,- մասնաւորապէս ըսած է յանձնակատարը:

Շտեֆան Ֆիւլէի խօսքերով` արդէն աշխատանքներ տարուած են  շարք մը բարեփոխումներու շուրջ, որոնցմով նոր հնարաւորութիւններ  ստեղծուած են ոչ միայն շուկայի հասանելիութեան, շարժունութեան եւ աշխոյժ համագործակցութեան համար, այլեւ ՀՀ պետական հիմնարկներու, աշխատանքային շուկայի եւ ենթակառուցուածքներու ամրապնդման համար: Բացի 500 մլն սպառողներ ունեցող ԵՄ շուկայի առեւտրային գործընկեր դառնալու հնարաւորութենէն, համաձայնագիրը նաեւ կը նախատեսէ բազմաթիւ դրոյթներ, որոնք կ’ազդեն ՀՀ քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին վրայ: Ինչպէս օրինակ` ապառողներու պաշտպանուածութիւնը ինչպէս արտադրանքի անվտանգութեան, այնպէս ալ դրամի փոխարժէքի տեսանկիւնէն կամ ճանապարհային անվտանգութիւնն ու օդի որակի բարելաւումը:

Համաձայանգիրներով կ’ամրապնդուին կապերը հայ եւ եւրոպացի ժողովուրդներու միջեւ: Ասոցացման համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները մեկնարկած են 2010թ. յուլիս 19-ին: Էական յառաջընթաց  գրանցուած է համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն: 2012թ. յունիսին մեկնարկած են ՀՀ-ԵՄ Ասոցացման համաձայնագիրի Խորը եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ բանակցութիւնները:

armenpress.am

Scroll Up