«Հայփոստ«-ը Սոչիի Ողիմպիական Խաղերուն Եւ Դպրոցներուն Ճատրակի Դասաւանդման Նուիրուած Դրոշմաթուղթեր Պիտի Թողարկէ

«Հայփոստ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը կը նախատեսԷ 2014 թուականին Սոչիի մէջ կայանալիք ձմեռայինողիմպիական խաղերուն յատուկ դրոշմաթուղթեր թողարկել: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնէ «Հայփոստ»ՓԲԸ-ի միջազգային եւ դրոշմահաւաքի բաժինի պատասխանատու Աննա Ղուկասեան: Հայաստանի մարզիկները պիտիմասնակցին Սոչիի խաղերուն:
Աննա Ղուկասեան տեղեկացուց նաեւ, որ այս դրոշմաթուղթերու շարքը միակը չէ, որ նուիրուած պիտի ըլլայ մարզանքի. «Հայփոստ»-ը ընթացիկ տարուան մէջ պիտի թողարկԷ նաեւ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու ծրագիրին մէջորպէս առարկայ ճատրակի ընդգրկման նուիրուած դրոշմաթուղթեր:
Հայկական դրոշմաթուղթերը հեղինակութիւն կը վայելեն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կ’ընդունուին միջազգայինդրոշմահաւաքի աշխարհին մէջ: