Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած խաչքար տեղադրուած է

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հայկական տուֆէ պատրաստուած խաչքար  տեղադրուած է  Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ վարչական շրջանի Հալլէ քաղաքին մէջ:

«Հայ թերթ»-ի փոխանցմամբ` պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է խաչքարի օրհնութեան եւ օծման արարողութիւններով, որոնց մասնակցած են Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքչեան, Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Միջեկեղեցական համագործակցութեան նախագահ
Եուրգէն Տիթրիխը, Գերմանիոյ մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Աշոտ Սմբատեան, Հալլէի քաղաքապետ Պերնդ Վիգանդ եւ այլոք: Արարողութեան ելոյթ  ունեցած է քաղաքի կանանց երգչախումբը:

Scroll Up