Lansing State Journal. ԱՄՆ-ի մէջ բնակող 103-ամեայ հայուհին փրկուած է հայերու երկու կոտորածներէն
ԱՄՆ Միչիգան նահանգի մայրաքաղաք Լանսինկի մէջ բնակող 103-ամեայ Ասիա Տիտովայի (իրական ազգանունը չի նշուիր, կը նշուի ամուսին ազգանունը-խմբ.) ընտանիքը 1920 թուականին, երբ ան 7 տարեկան էր, լքած է ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքի մէջ գտնուող Արդուին քաղաքը: Տարիներ անց միայն Տիտովան կը հասկնայ, որ ան փրկուած է Թուրքիոյ մէջ մօտ 2 միլիոն հայերու կոտորածէն, կը գրէ Lansing State Journal-ը:
Ինչպէս կը գրէ թերթը, Տիտովայի բարեկամներն ու ընկերները սպանուած են 1915-ի դէպքերու ընթացքին, որ շատերու կողմը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն կը համարուի:
Տիտովան պատմած է, որ քանի որ արդէն չափազանց վտանգաւոր կը դառնար քաղաքի մէջ մնալը, անոր հայրը որոշած է 1920 թուականին ընտանիքը տեղափոխել Վրաստան` Պաթում, սակայն մինչեւ տեղափոխուիլը մահացած է:
Ասիան, Միչիգանի հայկական կաթոլիկ համայնքի տուեալներով, Միչիգանի մէջ բնակող Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներէն մէկն է: Թերթը կը յիշեցնէ, որ անցեալ ամիս լրացած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ կը նշէ, որ անիկա հայերու նկատմամբ բռնութեան վերջին արշաւը չէր, որ Ասիա Տիտովան պէտք է վերապրէր եւ ողջ մնար:
Ան ամուսնանալէն ետք իր նոր ընտանիքի հետ 1933 թուականին կը տեղափոխուի Մոսկուա: Խորհրդային ղեկավարութիւնը տարիներ անց կը ձերբակալէ անոր ամուսինը եւ ընտանիքի այլ անդամներ: Ամուսինը ձերբակալուած կը մնայ մինչեւ 1952 թուականը, եւ Ասիան մօտ մէկ տասնամեակ միայնակ կը մնայ:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին ան իր տան մէջ նացիստ զինուորներ տեղաւորելու հետ միաժամանակ իր ներքնայարկի մէջ երկու հրէայ կը պահէ` զիրենք փրկելով անոնց կեանքը: Նացիստներուն, ովքեր այդպէս ալ բան չեն կասկածիր հրէաներու ներկայութեան մասին, տուն տրամադրելու հարցով մերժելը վտանգի տակ կը դնէր Տիտովայի ընտանիքը:
Ասիան, իր որդին եւ որդիի կինը` Տատեանան, կ’որոշեն 1974 թուականին տեղափոխուիլ Պաքու` Ատրպէյճան: Ատրպէյճանի մէջ արդէն 1990 թուականի Յունուարին կը սկսին հայերու ջարդերը: Ասիան, իր որդին, երկու թոռնիկները, Տատեանան եւ Տատեանայի մայրը կը յաջողին փախչիլ Պաքուէն: Ապա ամերիկեան կառավարութեան օգնութեամբ անոնք փախստականի կարգավիճակ կը ստանան եւ 1990 թուականի Դեկտեմբերին կ’ուղեւորուին Միչիգան:
Ասիա Տիտովան եւ անոր ընտանիքը շարքին էին այն հայերուն, որոնք Պաքուէն 1990-ականներուն սկիզբը ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ կը վերահաստատուին Լանսինգի մէջ: Մինչ անոնց ժամանիլը Լանսինգի մէջ կար փոքրաթիւ հայկական համայնք, բայց անոնցմէ քիչերը իրար կը ճանչնային: Բաքուէն ժամանած հայկական համայնքը այնուհետեւ կ’աճի, եւ հաստատուած ներգաղթեալները կը սկսին դիմաւորել նոր եկած իրենց հայրենակիցները:
Ինչպէս կը նշէ` համայնքի ներկայացուցիչ առաջին փախստականները արդէն մահացած են, իսկ երիտասարդներ գրեթէ չկան, եւ համայնքի ապագան հարցականի տակ է, կը գրէ Tert.am-ը: