Ցեղասպանութիւնը վերապրած որդեկորոյս մայրերու հայերէն եւ թրքերէն երգերը
Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը նաեւ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի մայրերու տօնը: Այս աւանդոյթը սկզբնաւորուած է ԱՄՆ-ի մէջ` 1914թ., այնուհետեւ տարածուած ողջ աշխարհի մէջ: ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական Ակօս թերթը այս առնչութեամբ իր յարգանքի տուրքը մատուցած է յատկապէս մէկ դար առաջ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ մայրերուն, որոնց բաժին իյնկած է այդ արհաւիրքի ամենամեծ բեռն ու ամենածանր վիշտը: Այդ վիշտը իր արտացոլումը գտած է նաեւ երգերու մէջ: “Վերժինէ Սվազլեան հիմնադրամ”-ի կողմէն գրանցուած երգերու եւ ողբերու մէջ կան եւ հայերէն, եւ թրքերէն ստեղծագործութիւններ:
Ակօսը կը ներկայացնէ մասնաւորապէս որդեկորոյս մայրերու ցաւը արտայայտող երգերը, որոնցմէ են “Urfa’nın Etrafı Dumanlı Dağlar” (“Ուրֆայի շուրջը մշուշոտ լեռներ”), “Ben Yavrumu Ճzlerim” (“կը կարօտնամ բալիկիս”), “Ah keşke doğmayaydım, yavrumun anası olmayaydım” (“ախ երանի չծնէի, ձագիս մայրը չդառնայի”):
“Ուրֆայի շուրջը մշուշոտ լեռներ”
(1985թ գրանցուած է Յակոբ Գիւրջեանի կողմէն)
Ուրֆայի շուրջ եղնիկ մը կը շրջի,
կը փնտռէ իր ձագը կորսնցուցած,
եղնիկ, իմ սիրտս ալ քեզի պէս խոցուած է,
փնտռեցի, սակայն վէրքիս դարման չգտայ:
Ուրֆայի շուրջը մշուշոտ լեռներ,
թոյլ տուէք անցնիմ, մշուշոտ լեռներ,
որդիս հեռւում է,
լալիս, ճչում է: