Նոր տեսաֆիլմ` նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին.տեսանիւթ

“Շողակաթ” հեռուստաընկերութիւնը Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած հեռուստահանրագիտարանի ձեւաչափով նոր ֆիլմ պատրաստած է: ֆիլմի մէջ կը ներկայացուի Մեծ վարդապետի կեանքն ու գործունէութիւնը, ուր կը շեշտուի. “Նիհարակազմ, վտիտ ու գունատ այդ պատանին հարազատ քաղաքի մէջ շատերը կը ճանչնային: “Թափառական փոքրիկ երգիչ”. այդպէս կ’անուանէին խղճուկ հագուստով խոհեմ ու բարի տղան, զոր յաճախ կը տեսնէին լուացքատան սառն քարերուն վրայ քնացած: Թափառականը պատանի Սողոմոնն էր: Ան տարիներ անց պիտի կոչուէր Կոմիտաս Վարդապետ”:

Scroll Up