Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Նահատակներու Նոր Յուշակոթողի Օրհնութիւն

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Մայիս 3ին հանդիսապետեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ուղղեց պատգամը, ապա, արարողութենէն ետք, նախագահեց եկեղեցւոյ կողքին կանգնած՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու նոր յուշակոթողի քողազերծման եւ օրհնութեան արարողութեան:
Արարողութեան մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Ազգ. վարչութեան անդամ Վահրիճ Փիլաւճեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Իր պատգամին սկսելէ առաջ, սրբազանը անդրադարձաւ օր մը առաջ իր աւարտին հասած Ազգ. երեսփոխանական ժողովի 43րդ նստաշրջանին, նշելով, որ ժողովը քննարկած էր առաջնորդին եւ Կրօնական ժողովին ու Ազգ. վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատանք արձանագրած էր անոր մասին: Ան յայտնեց, որ ժողովը հանգամանօրէն կանգ առած է Ցեղասպանութեան 100ամեակի անկիւնադարձային նշանակութեան առջեւ եւ իր ապագայի աշխատանքներուն համար նկատի ունեցած է հաւաքական եւ գործակցական գործելակերպը, որ պիտի իրագործուի հաւատքով ու միակամ վճռականութեամբ: Ժողովը նկատած է, որ վերջին շաբաթներուն, հայութեան հաւաքական ու միացեալ ձայնը ազդու կերպով հնչած է աշխարհի տարածքին եւ որդեգրած է Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածներու վերատիրացման դատին բոլորանուէր յանձնառութեան որոշում, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան՝ անոր դիմագրաւած վերջին պատուհասներուն լոյսին տակ:
Սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ մօտ ատենէն, մեր եկեղեցիներու խորաններուն վրայ պիտի զետեղուին Ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւնները պարունակող մասնատուփեր, որպէսզի սրբադասուած նահատակներուն աղօթք մատուցելով, մեր ժողովուրդը զօրանայ իր հաւատքին մէջ:
Առաջնորդը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Խաչի Երեւման տօնին, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ խաչին նուիրուած չորս տօներէն առաջինն է: Ան նկատել տուաւ, որ մեր սրբազան հայրերը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող հինգերորդ Կիրակին նուիրած են այս տօնին, որովհետեւ չկայ յաղթանակ առանց խաչի. խաչը խորհրդանիշն է Քրիստոսի յաղթանակին: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ այս տօնի իմաստին, յիշելով, որ 351 թուականին, խաչը երեւցած է Երուսաղէմի վերեւ,Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, վերանորոգ հաւատք եւ վստահութիւն ներշնչելով հաւատացեալներուն: «Խաչը կեանք, ուժ եւ ինքնավստահութիւն կը պարգեւէ. եթէ անոր նայինք հաւատքով, ընկալենք անոր պատգամը եւ զօրանանք անոր ներշնչումով, կարող կ՛ըլլանք յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն: Այդպէս ըրին մեր նախահայրերն ու սրբազան հայրերը դարերու ընթացքին: Խաչը եղաւ հայութեան զօրութեան, վճռակամութեան եւ յոյսի աղբիւրը, անով երեւցաւ Տիրոջ փառքը: Այսօր, երբ կ՛ապրինք Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանը, պէտք է արդարութեան եւ խաղաղութեան մեր երթը շարունակենք անխառն հաւատքով, ներշնչում առնենք խաչէն եւ մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակէն», շեշտեց սրբազանը:
Պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, անգամ ըլլալով երգուեցաւ «Ապրիլեան Նահատակաց» նոր շարականը, երբ առաջնորդը թափօրով կ՛առաջնորդուէր դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր կանգնած է Ցեղասպանութեան 100ամեակի յուշակոթողը:
ՀՅԴ շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Նահապետեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հովիւին եւ դպրաց դասին, այս արարողութեան մասնակցելուն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ռիթա Պչաքճեան ամոլին, որ ստանձնած էր այս յուշակոթողին բարերարութիւնը:
Առաջնորդը օրհնեց քողազերծուած խաչքարը եւ ըսաւ. «Վերջին քանի մը շաբաթներուն, մենք յիշեցինք խաղաղ միջոցներով, գալիք օրերուն ալ շարունակենք յիշել արդարօրէն, պահանջեցինք իրաւատէրի կամքով, եւ պիտի շարունակենք պահանջել ուժեղ կերպով: Մեր սրբացեալ նահատակները իրենց երկնային օթեւաններէն պիտի հովանաւորեն մեր երթը, որ պիտի շարունակուի հաւատքով, յոյսով եւ սիրով. թող անոնք ննջեն հանգիստ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայաստանի Քայլերգին խմբերգումով:

Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ:
Scroll Up