Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Կայծակնային Մրցաշարը Աւարտած է Լեւոն Արոնեանի Յաղթանակով

Տիգրան Պետրոսեանի անուան շախմատիստի կեդրոնական տան մէջ իրականացած է յաղթանակի օրուան նուիրուած, կայծակնային ճատրակի տօնական մրցաշար: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ճատրակի դաշնութիւնը։

7 հնարաւորէն վաստակելով 7 միաւոր` մրցաշարի յաղթող ճանչցուած է հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանը: Անկէ միայն կէս միաւորով ետ մնացած է այս օրերուն Հայաստան գտնուող ամերիկաբնակ միջազգային վարպետ Անդրանիկ Մատիկոզեանը: 3-րդ մրցանակը բաժին հասած է Յարութիւն Բարսեղեանին:

Scroll Up