Շուշիի Մէջ Կայացաւ Համահայկական 6-րդ Խաղերու Կրակը Վառելու Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 8-ին Շուշի քաղաքին մէջ մասնակցած է Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Համահայկական խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը արդէն երկրորդ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, ինչ որ իր մէջ շատ խոր իմաստ կը պարունակէ:

Երկրի ղեկավարի բնութագրումով` համահայկական խաղերու իւրայատկութիւնը այն է, որ այստեղ պարտուողներ չկան, իսկ արձանագրուած յաղթանակները յաղթանակ են ամբողջ հայ ժողովուրդին համար:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ ասիկա նաեւ լաւ միջոց է` աշխարհին մէկ անգամ եւս ներկայանալու որպէս քաղաքակիրթ, համախմբուած, սեփական ուժերուն ապաւինող ժողովուրդ, որ, ամբողջ երկրագունդի վրայ սփռուած ըլլալով հանդերձ, անխզելիօրէն կապուած է իր պատմական հայրենիքի հետ ու կ՛ընէ հնարաւորը հայոց անկախ պետականութիւնը հետեւողականօրէն զարգացնելու եւ զօրացնելու համար:

Scroll Up