Արմէն Ամիրեան. Պէտք է ընել ամէն բան ատրպէյճանական ձայնասփիւռը Արցախի մէջ չհեռարձակելու ուղղութեամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/սսս.jpg)
1895 թուականին ձայնասփիւռի ստեղծումով մեր կեանքի մէջ շատ բան փոխուեցաւ: Հայաստանի մէջ ձայնասփիւռը ստեղծուեցաւ 1926 թուականին, այսօր Հանրային Ռատիոն 89 տարեկան է: Հայաստանի Հանրային ռադիոյի գործադիր տնօրէն Արմէն Ամիրեան` Մամուլի եւ Ռատիոյի միջազգային օրուան ընդառաջ շնորհաւորելով բոլոր լրագրողները` շեշտեց, որ մեր երկրի մէջ Հանրային ռատիոն ե՛ւ մշակութային օճախ է, եւ դասակա՛ն լրատուամիջոց:
Արմէն Ամիրեան համաձայն չէ լրագրողի այն դիտարակման հետ, թէ հեռուստատեսութեան ստեղծմումէն ետք ռատիօն կորսնցուց իր դերն ու նշանակութիւնը, եւ այսօր ալ նոր գիտարուեստի առկայութեան պարագային ռատիոն արդէն հին կը համարուի: “Միթէ՞ Չարենցը, Թումանեանը կամ Հրաչեայ Ներսիսեանի ձայնը հին է: Իսկ տեխնիկական առումով ռատիոն շատ աւելի հասանելի է հանրութեան”: Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէնը կը նշէ, որ ռատիոն որդեգրած է բոլոր ժամանակակից եւ հնարաւոր միջոցները` ունկնդիրներուն եւ ընթերցողներուն հասանելի ըլլալու համար, անոնք սոցիալական ցանցերն են, բջիջային հաւելումները, համացանցային տարբերակը:
Նկատենք, որ Հանրային Ռատիոն կը հեռարձակուի 14 լեզուներով` ներառեալ ատրպէյճաներէն ու թրքերէն: Արմէն Ամիրեանի խօսքով` այս լեզուներով հեռարձակուող հաղորդումները բնական գործընթաց են, քանի որ որեւէ հակամարտութեան մէջ գտնուող երկիր` հարեւան պետութիւններուն փոխանցելու պատգամ ունի: Արմէն Ամիրեան կ’ըսէ, որ այսօր աշխատանքներ պէտք է իրականացնեն, որ Արցախի հանրապետութեան մէջ FM տիրոյթները ամբողջովին ծածկուին երեւանեան ռատիոներու թողարկումներով, որպէսզի հարեւան երկրի ազդանշանները լսելի չ’ըլլան Արցախի մէջ: “Վերջերս ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ փորձեցինք ինչ-որ լուծում գտնել, որպէսզի կարողանանք երկու տարբեր յաճախականութիւնների զատել` Արցախի Հանրային ռատիոն դարձնել 24 ժամ, միեւնոյն ժամանակ 24 ժամ հեռարձակուի նաեւ Հանրային ռատիոն: Շարունակելու եմ այս խնդրով զբաղուել, որեւէ ատրպէյճանական ռատիոկայան չլսուի ԼՂՀ տարածքում”: Նկատենք, որ այդ խնդիրը առկայ է նաեւ Հայաստանի սահամանմերձ բնակավայրերու մէջ, ինչը, բնականաբար, մտածուած քայլ կը համարէ Արմէն Ամիրեան: “Երբ շրջում ենք սահմանամերձ շրջաններով` տեսնում ենք, որ թուրքական, ատրպէյճական, իրանական ռատիոկայաններն անարգել հասնում են մեր տարածք:
Պատճառն այն է, որ հարեւան երկրները չեն պահպանում միջազգային կոնուենցիաները եւ հեռարձակման հզօրութիւնները շատ աւելի բարձր են դնում, քան սահմանուած է: Նոյն ճանապարհով մենք պէտք է շարժուենք, եթէ դիմացինն անօրէն է, մենք էլ պէտք է հզօրութիւնները շատացնենք: Մենք իրաւասութիւն ունենք այս հարցը բարձրացնելու, բայց խնդրով պէտք է զբաղուեն պատկան մարմինները”: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ պարոն Ամիրեան ըսած է նաեւ, որ պէտք է ընել ամէն բան ատրպէյճանական ռատիոները արցախում չհեռարձակելու ուղղութեամբ: