«Հայրենիքը ինծի համար մեր մշակոյթն է. ես մշակութապաշտ եմ». Տիգրան Գարաէօզեան
«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է ապրիլեան օրերուն Հայաստանի մէջ գտնուող եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս հիւրընկալուած պոլսահայ օփերային երգիչ Տիգրան Գարակէօզեանի հետ: Ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
– Պարո՛ն Գարակէօզեան, Հայրենիք եկած էք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու առիթո՞վ, թէ՞ խիստ գործնական է Ձեր այցելութիւնը:
– Նոյն այդ տարելիցի համար եկած եմ Հայաստան. ես 20-է ավելի անգամ եկած եմ Հայրենիք: Այս Ապրիլը ուրի՜շ, շատ մեծ խորհուրդ ունէր. ողջ աշխարհը կը խօսէր Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հիմա Մայիս է, որ նոյնպէս մեծ խորհուրդ ունի հայոց կեանքի մէջ:
– Հասարակական ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք, ի՞նչ աշխատանք կը կատարէք:
– Ես օփերային երգիչ եմ, 40 տարի է, կը զբաղիմ երգի ու պարի խումբեր ղեկավարելով: Կ’աշխատիմ հայորդիները միաւորել այդ գեղարուեստական խումբերու մէջ, խոչընդոտել անոնց ցրուիլը, այսինքն՝ հիմնական նպատակս հայապահպանութիւնն է, որեւէ տեղ չեմ աշխատիր, թոշակառու եմ: 40 տարի է, ի վեր կը ճանչնամ Ժուլիա Մութլուն: Իրմէ առաջ անոր երջանկայիշատակ առաջին ամուսինի հետ աշխատած եմ: «Մարալ» խումբէն առաջ անոր հետ երգի-պարի խումբ ձեւավորած էինք, յետոյ ստեղծուեցաւ «Մարալ»-ը, որուն մասնակցութիւն չունեցայ: Յետագային Ժուլիայի հետ ստեղծեցինք «Դալարը»-ը. Ժուլիան պարախումբը կը ղեկավարէր, ես՝ երգչախումբը (ես «Դալար»-ի առաջին խմբավարը եղած եմ): 1978-ին, երբ զինուորական ծառայութենէն նոր վերադարձած էի, մեներգելով, ղեկավարելով՝ սկսայ աշխատանքս: Եկեղեցական երգչախումբերու մէջ ըլլաքով, միութիւններու խումբերու մէջ՝ 30 զոյգ հայ երիտասարդներ ամուսնացուցած եմ, 60-է աւելի թոռնիկներ ունիմ… Սա շատ աւելի կարեւոր է, քան լաւ կամ քիչ պակաս արհեստավարժ երգելը: Դուք այստեղ ձուլուելու խնդիր չունիք, իսկ դուրսը անիկա շատ կարեւոր հարց է. եթէ ձգես, այլ ազգերու հետ կամուսնանան: Սա հասարակական ու նպատակային աշխատանք է, որուն համար մենք չենք վարձատրուիր: Ես կեանքիս մէջ որեւէ օր դրամ չեմ վաստակած այս գործի համար, պէտք եղած պարագային ալ միայն ծախսած եմ սեփական միջոցներէս:
– Մեր տաղանդաւոր հայորդիներէն շատերը, ընդգրկուած ըլլալով գեղարուեստական խումբերու մէջ, յաճախ չեն ունենար երաժշտական կրթութիւն. արդեօք այդ հանգամանքը անոնց հետ աշխատելու ժամանակ Ձեզի չի՞ խանգարեր:
– Մենք արդէն վարժուած ենք առանց նոթայի երգ սորվեցնելուն, անոնք մեզի համար արգելքներ չեն: Որքան կարնան, այդքան կ’երգեն: Շատ ծանրաբեռնուած են դպրոցի մէջ, նաեւ ուրիշ դասընթացներ կը յաճախեն, ծնողները կը դժուարանան երաժշտութեան դասերու ուղարկել իրենց զաւակները: Այստեղի նման չէ. երեխաները դաշնակի, ջութակի կ’երըանմ… Ապրելու ձեւը տարբեր է: Ինչպէս ըսի, մեզի համար կարեւոր չէ որակը, կարեւորը նպատակն է՝ հաւաքուիլ գլուխ գլխի, հայերէն խօսիլ իրարու հետ, քիչ մը հայոց պատմութենէն զրուցել, հայ գրականութենէն: Ստիպուած կ’ըլլան հայերէն խօսելու ճիշտ է, հայերէն գիտեն, բայց խոսելու վարժութիւն չունին:
– Պարո՛ն Գարակէօզեան, կը խնդրեմ քիչ մը պատմէք Ձեր արմատներու, ծնողներու մասին:
– Հայրս՝ Մարտին Գարակէօզեանը, արմատներով էրզրումցի է, սակայն Պոլիս ծնած է՝ 1912-ին: Մայրս՝ Մելինէ Գարակէօզեանը (Չիլինկիրեանը) արմատներով պարտիզակցի է, ծնած է Էրզրում: Մօրս ընտանիքը փախած է համիտեան ջարդերու ժամանակ եւ հաստատուած Պոլիս: Հետաքրքրական պատմութիւն մը կայ, որ կ’ուզեմ տեղ գտնէ համացանցի մէջ. մեծ հայրս ու մեծ մայրս կ’ամուսնանան Պարտիզակի մէջ եւ աղջիկ կ’ունենան, այդ ժամանակ մեծ մօրս քոյրը կ’ամուսնանայ անգլիացի հայու հետ, սակայն երեխայ չեն ունենար: Մեծ մայրս դարձեալ աղջիկ կ’ունենայ, անունը կը դնեն Արուսեակ: Մեծ մօրս քոյրը կը խնդրէ, որ երեխաներէն մէկը իրեն տան, Արուսեակը կու տան անոր: 1915թ. Արուսեակը մօտ 15-16 տարեկան կ’ըլլայ, երբ կը սկսի աքսորը, հայերու տեղահանութիւնը: Մեծ հայրս օսմանեան վառոդի գործարանի մէջ կ’աշխատէր, եւ անոր ընտանիքը չ’աքսորուիր: Մեծ մօրս քոյրը եւ ամուսինը Արուսեակի հետ դէպի Սուրիա աքսորի ճանապարհին կ’ըլլան, Սուրիոյ մէջ արաբ մը խումբէն կը տանի զինք՝ հաւանաբար կնութեան համար: Օր մը Արուսեակը ինքզինք հրացանով կը կրակէ, զինք կը տանին հիւանդանոց եւ մարմնէն փամփուշտները կը հանեն՝ առանց թմրեցնելու, որովհետեւ միջոցներ չեն ըլլար, իսկ ան հերոսաբար ձայն չի հաներ: Հիւանդանոցի մէջ կին մը կը սկսի անոր հարցեր տալ, բայց Արուսեակը չի պատասխաներ՝ վախնալով իր հայ ըլլալը կը բացայայտուի, որովհետեւ հաւանական է, որ զինք սպանէին ազգային պատկանելիութեան համար: Ի վերջոյ, հասկնալով, որ այդ կինը հայուհի է, Արուսեակը կը վստահի անոր եւ կը խօսի. կ’ըսէ, որ իր անունը Արուսեակ է, որ ինքը Պարտիզակէն է, մօր անունը Ֆլոր է, հօր անունը՝ Արտաշ: Մի քանի տարի անց այդ կինը կ’երթայ Պոլիս՝ բուժվելու: Այդ հիւանդանոցի մէջ բուժուող հայերը կը սկսին պատմել կոտորածի, աքսորի, իրենց անցած ճանապարհի մասին, իսկ այդ կինը կը պատմէ իրեն հանդիպած Արուսեակի պատմութիւնը, այդ պահուն կողքի մահճակալին պառկած կին մը կը սկսի լալ եւ կ’ըսէ, որ ինքը Ֆլորն է՝ Արուսեակի մայրը… Մեծ հայրս անմիջապէս կը գտնէ Արուսեակը եւ Պոլիս կը բերէ, սակայն Արուսեակը չ’ուզեր Պոլիս ապրիլ, ժամ առաջ կ’ուզէ հեռանալ այդ երկրէն, քաղաքէն, եւ հայրը աղջիկը կ’ուղարկէ Ամերիկա, որմէ ետք ալ միւս քոյրը կ’ուղարկէ: Արուսեակը կը հաստատուի Նիւ Եորքի մէջ, իսկ միւս քոյրը՝ Պոսթոնի մէջ: Քոյրս թրքական օդային միութենէն ներս կ’աշխատէր, այնտեղի աշխատողները տարին մէկ անգամ իրաւունք ունէին շրջելու աշխարհով մէկ: 2000 թուականէն քոյրս ընտանիքով կ’երթայ Ամերիկա, կը գտնէ Արուսեակ մօրաքոյրի տունը եւ, աւա՜ղ, դագաղի մէջ կը տեսնէ զինք: Արուսեակի երկու տղաները՝ իմ զարմիկներս, Լոս Անճելս կ’ապրէին: Երբ հանդիպեցանք, ես սկսայ պատմել այդ մասին, Արուսեակի որդին սկսաւ լալ եւ ըսաւ, որ ինքն ու եղբայրը աւազանի մէջ լողալու ժամանակ իրենց մօր մարմնի վրայ տարօրինակ հետքեր տեսած են եւ հարցեր տուած այդ մասին, մայրը ըսած է, որ ինքզինք վնասած է, որպեսզի արաբը ոչինչ չկարենայ ընել…
Ես կուզէի այս պատմութիւնը պատմել հայկական հեռուստատեսութեամբ, որպէսզի աշխարհի մէջ սփռուած բոլոր հայերը լսեն… Սա նաեւ իրենց նախնիներու պատմութիւնն է, տարագիր հայու պատմութիւնը…
– Յաճա՞խ Հայաստան կ’այցելէք:
– Ըսեմ, որ առաջին անգամ Յովհաննէս Պատալեանի հրաւէրով Հայաստան եկած եմ 1996-ին. մենք հանդիպեցանք Պոլիսի էջ, եւ ան զիս սրտանց հրաւիրեց Հայաստան: Մօտ 10 տարի չեմ եղած այստեղ:
– 1996-ի եւ այսօրուան Երեւանը շա՞տ տարբեր են:
– Շա՛տ: Այնքան փոխուած է քաղաքը, բայց աւելի շատ կը սիրէի հին Երեւանը: Աղջիկս Երեւանի պետական համալսարանի հոգեբանութեան բաժինը ուսում ստացաւ 5 տարի, եւ ես ամէն տարի մի քանի անգամ եկայ Հայաստան, կինս ալ տղայիս հետ եկաւ: 20-է աւելի անգամ եկած եմ Հայաստան: Համալսարանը աւարտելէն ետք աղջիկս աշխատեցաւ Պոլսոյ «Սուրբ փրկիչ» հիւանդանոցէն ներս՝ իբրեւ ընդհանուր ղեկավարի օգնական, հիմա Քաթարի օդային ուղիներէն ներս իբրեւ ուղեկցորդուհի կ’աշխատի:
– Պարո՛ն Գարակէօզեան, Հայաստան վերադառնալու մտադրութիւն երբեւէ ունեցա՞ծ էք:
– Այո՛: 1996-էն ի վեր այդ մտադրութիւնը ունէի, սակայն կնոջս ծնողները ծեր էին ու հիւանդ եւ դժվար էր զիրենք տեղափոխելը, ձգել ալ չէինք կրնար:
– Ես լսած եմ, որ Դուք Թալէաթ փաշայի հետ կապուած օրագրութիւն, փաստեր ունիք. կը խօսի՞ք այդ մասին:
– Այո՛, շատ կարեւոր յայտարարութիւն ունիմ, սակայն այդ մասին միայն հեռուստատեսութեամբ կ’ուզեմ խօսիլ: Այն, ինչ իմ ձեռքս է, Մուրատ Պարտակչիէն ստացած եմ: Մուրատ Պարտակչին կ’երթայ Թալէաթ փաշայի կնոջ մօտ, վերջինս անոր կու տայ Թալէաթի օրատետրը: Պարտակչին պատմաբան է, լրագրող: Երկուքով ծրագրի մը մասնակցեցանք, եւ Պարտակչին այտարարեց, որ ահա Տիգրան Գարակէօզեան Կոմիտաս պիտի երգէ, եւ ես թրքական հեռուստատեսութեամբ հնչեցուցի Կոմիտասի երգը: Հաղորդումէն ետք կը քալէինք միասին, ան սկսաւ պատմել ինծի Թալէաթի օրատետրի պատմութիւնը, եւ այդ ժամանակ ես խնդրեցի ինծի տալ օրատետրի պատճէնը: Պարտակչին տուաւ, այնտեղ փաստեր կան կոտորուած հայերու իրական թուաքանակի մասին, բայց կարեւորը Թալէաթի կնոջ պատմածն է, բանաւոր խօսքը, որ Մուրատ Պարտակչին պատմեց ինծի՝ իբրեւ նուէր:
– Ապրիլ 24-ին ողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած էր Հայաստանին. կը հաւատա՞ք, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ետք բեկում կ’ըլլայ, եւ կու գայ հատուցման օրը:
– Դեռ 40 տարի առաջ մեր ժողովներու ժամանակ կ’ըսէի, որ մենք կը տեսնենք այս անկախ Հայաստանը եւ կը պնդէի, որ Կարսն ու Արտահանն ալ պիտի տեսնենք… Շատերը չէին հաւատար Հայաստանի անկախութեան, բայց եղա՛ւ… Անկարելի բան չկա՛յ:
– Ձեր նախնիներու ծննդավայրը այցելած է՞ք:
– Հաւատացէ՛ք, կնոջս եւ երկու զաւակներուս հետ շրջած եմ Պատմական Հայաստանի ողջ տարածքով: Եղած եմ Էրզրում, Պարտիզակ, սակայն նախնիներուս տունը փլած էր, տեղը ուրիշ տուն կառուցուած էր:
– Իսկ Արեւելեան Հայաստանի մէջ ո՞ւր այցելած էք եւ ի՞նչը առաւել տպաւորած էր ձեզ:
– Այստեղ էլ շատ շրջած եմ. հիացած եմ Ամբերդով:
– Սեւանը տեսա՞ծ էք…
– Անշո՛ւշտ: Եթէ Վանայ լիճը տեսնէք, Սեւանը կը մոռնաք: Դեռ արեւածագը չսկսած՝ Վանայ լիճի ջուրը կը սկսի վայրկեանը մէկ գոյնը փոխել, այնքան հստակ է լիճը, այնքան մաքուր, որ լիճի թափանցիկ հայելիի մեջ հատ առ հատ կը տեսնես մանրիկ քարերն ու անոնց գոյնը: Երբ հայերը եկած են Հայաստան, տեսած են Սեւանը, շատ ուրախացած են ու ըսած, թէ սա Վանն է, սակայն նկատած են, որ ջուրի գոյնը չի փոխուիր ու ըսած են՝ Սեւ Վան…
Ամենահետաքրքրական տեսարժան վայրը Թուրքիոյ մէջ Հալֆէթի կոչուած վայրի մէջ Հռոմկլա բերդն է՝ Եփրատի եզերքին: Այդ վայրի մէջ կ’աճի աշխարհ եզակի ծաղիկ մը՝ բուրումնաւէտ սեւ վարդը. ուրիշ որեւէ տեղ չկայ սեւ վարդ: Այդ վերնագիրով՝ Քարագիլ – Սեւ վարդ, թրքական ֆիլմ մը կայ:
Երբ այդտեղ ջրամբար կառուցեցին, Եփրատի ջուրի մակարդակը բարձրացաւ, եւ շատ բան մնաց ջուրի տակ: Բերդը պահպանուած է, որովհետեւ թուրք-արեւիներու (արեւորդիներ) համար ան ուխտատեղի է: Իրենք կ’ըսեն, որ իրենք արեւորդի են ու մեզմէ՝ հայերէն սերուած են (ես ալ այդպէս կը կարծեմ): Անոնք կրակապաշտ են, արեւապաշտ:
– Պարո՛ն Գարակէօզեան, ինչպէ՞ս կ’ապրին Թուրքիոյ հայերը:
– Ինչպէս ամէն տեղ՝ ե՛ւ լաւ, եւ վատ:
– Թուրքիոյ մէջ Ձեր ծննդավայր Սարիերն է, Հայաստանը Ձեր Հայրենիքն է, ի՞նչ է Հայրենիքը Ձեզի համար:
– Հայրենիքը ինծի համար մեր մշակոյթն է. ես մշակութապաշտ եմ:
Կարինե Աւագեան