Թուրքիա Ետ Կանչած Է Լիւքսեմպուրկի Իր Դեսպանը

Թուրքիա Մայիս 7-ին խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչած է Լիւքսեմպուրկի մէջ իր դեսպան Լեւենտ Շահինքայան դքսութեան խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն ետք: Բացի այդ` Անգարայի մէջ Լիւքսեմպուրկի դեսպանը կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին՝ ըստ ermenihaber.am-ի՝  ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին կողմէ բանաձեւի ընդունման առնչութեամբ կատարուած յայտարարութեան մէջ:

«Մենք կը դատապարտենք եւ վճռականօրէն կը մերժենք անարդար բանաձեւը, որ ընդունած է Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը` խեղաթիւրելով պատմական փաստերն ու իրաւունքը:

«Եթէ խորհրդարանները իրենց կը դնեն միջազգային դատարաններու տեղ եւ կը փորձեն դատողութիւններ ընել այնպիսի յանցագործութիւններու վերաբերեալ, ինչպիսին ցեղասպանութիւնն է, անոնք կը չարաշահեն պատմութիւնն ու իրաւունքը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը միաձայն ընդունած էր Մայիս 6-ին:

Նախապէս` Ապրիլին, Թուրքիա ետ կանչած էր նաեւ Վատիկանի եւ Աւստրիոյ մէջ իր դեսպանները:

Scroll Up