Հայաստան Կ՝ողջունէ Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու Պալատին Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին Ընդունումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Էդվարդ-Նալբանդյան.jpg)
ՀՀ ԱԳ նախարարութեան Facebook-ի էջի տեղադրուած է նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի յայտարարութիւնը` Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Կը շարունակուի միջազգային հանրութեան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման անշրջելի գործընթացը: Հայաստանը կ՝ողջունէ Լիւքսեմպուրկի պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւին միաձայն ընդունումը: Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը, յարգանքի տուրք մատուցելով Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին, կ՝ընդգծէ, որ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուածը ինքնին ցեղասպանութիւն է, եւ կոչ կ՝ուղղէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ:
Այս բանաձեւին ընդունումով Լիւքսեմպուրկ համալրեց Ցեղասպանութիւնը ճանչած երկիրներուն շարքը եւ իր կարեւոր ներդրումը բերաւ մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին»: