System of a Down-ը 10 տարուան դադարէն ետք կը մտածէ նոր ալպոմ թողարկելու մասին

Ամերիկեան շարք մը ժամանցային կայքերու հաղորդմամբ` System of a Down ռոք խումբի անդամները կը մտածեն 10 տարուան դադարէն ետք  նոր ալպոմ թողարկելու մասին:

Խումբը իր վերջին երկու «Mesmerize» եւ «Hypnotize» ձայնասկաւառակները թողարկած է 2005 թուականին եւ ատկէ յետոյ նոր ալպոմի որեւէ ծրագիր  չէ ունեցած: «Լուրեր կը շրջանառուին, որ 10 տարուան ընդմիջումէն յետոյ խումբը կրնայ նոր ալպոմ թողարկել»,- Արցախփրէսի փոխանցմամբ` կը գրէ kpopstarz.com կայքը:

Իսկ Kerrang կայքի հաղորդմամբ` System of a Down-ի մենակատար Սերժ Թանկեան ըսած է, որ եթէ նոր ձայնասկաւառակ լոյս տեսնէ, ապա այն կը տարբերի իրենց նախորդ գործերէն:

«Պատրաստակամութիւն կայ աշխատելու իրարու հետ, երբ մենք բոլորս նիւթ կ’ունենանք, որ փոխընդունելի կ’ըլլայ»,- ըսած է Թանկեան` յայտարարելով, որ յստակ որեւէ բան դեռ չկայ: «Մենք ժամանակացոյց կամ յաւելեալ որեւէ այլ բան չունինք: Միակ բանը, որուն բոլորս համաձայնած ենք, այն է, որ ատիկա պէտք է տարբերի անկէ, ինչ մենք ըրած ենք անցեալին»,-աւելցուցած է ան:

Հարցին անդրադարձած է նաեւ RTT News-ը` նշելով, որ System Of A Down-ը ներկայիս կը վերամիաւորուի` փորձելով ինքն իրեն համար պարզել, թէ ինչ կրնան առաջարկել երաժշտասէր հանրութեան:

Scroll Up