ՀՀ սփիւռքի նախարարի հարցազրոյցը Աւստրալիոյ Armenia TV հեռուստատեսութեան.տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/գգգ.jpg)
Աւստալիա կատարած այցելութեան ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց տուած է Աւստրալիոյ Armenia TV հեռուստատեսութեան:
Հարցազրոյցի ժամանակ խօսուած է Մարտ 22-ին Սիտնէյի Թումպալոնկ զբօսայգիի Տարլինկ Հարպոր նաւահանգիստին մօտ տեղի ունեցած Սիտնէյի Հայկական փառատօնի մասին, որ իրականացուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ օգնութեան միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ: Փառատօնը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: