Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին գործակցութեամբ երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ կազմակերպած էր դասական երաժշտութեան համերգ, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Ձեռնարկը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը ներկայացումով, որուն մէջ օտար գրողներ, խմբագիրներ, դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց վկայութիւնը կու տան 20-րդ դարուն իրագործուած առաջին ցեղասպանութեան մասին:

Ապա ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայերգները:

Ներսէս Պաղտոյեան խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անունով : Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար: Ան նշեց նաեւ, որ 100-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ պիտի ըլլայ անկիւնադարձային թուական մը, որովհետեւ շատ երկիրներ ու կազմակերպութիւններ ճանչցան ու զօրակցեցան հայ ժողովուրդին, որ ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ վերջերս Գերմանիոյ արտայայտած դիրքորոշումը ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան Շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական մարմինին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր երաժիշտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին համերգին:

Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը ունի հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն եւ միշտ հպարտ է իր երաժիշտներով, արուեստագէտներով, որոնք կը ստեղծագործեն ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանանի խորհրդարանին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ նաեւ բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են ցեղասպանութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք կը զօրակցին հայ ժողովուրդին, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով կը վերահաստատէ իր կամքը եւ վճռակամութիւնը ապրելու եւ յաւիտեան ստեղծագործելու:

Գայեանէ Սարգիսեան (սոփրանօ) մեներգեց «Նոր Ծաղիկ»` երգեհոնի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէն Քեչեքի, ինչպէս նաեւ կատարեց Կոմիտասի «Կռունկ» եւ «Հով առէք» երգերը: Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան դաշնակով նուագեց Կոմիտասի նուիրուած կտոր մը: Զարեհ Չերոյեան ջութակով եւ Լիանա Յարութիւնեան դաշնակով ներկայացուցին Ա. Խաչատուրեանի «Բանաստեղծութեան երգ»-ը: Էտի Դորլեան, Մկրտիչ Միքայէլեան կիթառով  եւ Հրաչ Իսահակեան ֆլիւթով ներկայացուցին Սայաթ Նովայի «Իս քու Ղիմեթըն չիմ գիտի», եւ Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը եւ «Քամանչա»-ն:

Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան դաշնակով ներկայացուց Կոմիտասի «Գարուն ա» եւ «Հոյ նազան» կտորները:

Հրաչ Իսահակեան ֆլիւթով եւ Արմէն Քեչեք դաշնակով ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Լեզկինկա» կտորը, ապա Սուզանա Քեչեք դաշնակով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթթա» կտորը:

Զաքար Քէշիշեան շուիով եւ Կամիլա Քէշիշեան դաշնակով ներկայացուցին Խ. Աւետիսեանի «Փոսթորալ» եւ Մ. Բեգլարեանի «Լեռնականներուն պարը» կտորները:

Բ. Կանաչեանի «Օրօր» կտորը կիթառով ներկայացուցին Մկրտիչ Միքայէլեան, ջութակով` Պորիս Միրզոյեան եւ Սերկէյ Տայեան, իսկ թաւջութակով` Աւետիս Կէօքճեան, վիոլայով` Հայկ Տէր Յովհաննիսեան:

Մ. Աշճեանի «Ընդհատուած թանկօ» կտորը ներկայացուցին տուտուկով` Զաքար Քէշիշեան, Դաշնակով` Միքայէլ Աշճեան, ջութակով` Պորիս Միրզոյեան եւ թաւջութակով` Աւետիս Կէօքճեան:

Կոմիտասի «Չինարի ես», «Ալայլուղս» «Աղջիկներու պարը» եւ «Քէլէ-քէլէ» կտորները ներկայացուցին Պորիս Միրզոյեան, Սերկէյ Տայեան, Հայկ Տէր Յովհաննիսեան եւ Աւետիս Կէօքճեան:

Համերգը աւարտեցաւ Ա. Պապաջանեանի ե Ա. Յարութիւնեանի «Արմինիըն Ռափսոտի» կտորով, զոր դաշնակով նուագեցին Արմէն Քեչեք եւ Սուզան Քեչեք:

 Այս մասին յայտնած է Ազդակ:

Scroll Up