Ուորլիք. Իմ հայրենի քաղաքի մէջ ՀՀ նախագահի հետ խօսեցանք ԼՂ բանակցութիւններու մասին

 ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այս մասին ան գրած է Twitter-ի իր էջին: “Ես այսօր ողջունած եմ ՀՀ նախագահը իմ հայրենի քաղաքի` Ուաշինկթընի մէջ: Այս երեկոյ մենք հնարաւորութիւն ունեցանք խօսելու Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն”,- գրած է ան: Նախապէս News.am-ը յայտնած էր, որ ԱՄՆ-ի մէջ Սերժ Սարգսեան արդէն հանդիպած է Արիզոնայէն ընտրուած ծերակուտական Ճոն Մքքէյնի, Ռոտ Այլենտէն ծերակուտական Ճէք Ռիտի, Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէզի, ծերակուտական հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ Մքքոնելի հետ: Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցի երկրորդ օրը կը սկսի Ուաշինկթընի Հոլոքոսթի թանգարան այցելութեամբ։ Ան պիտի այցելէ նաեւ ԱՄՆ քոնկրէսի գրադարանը` պիտի ծանօթանայ գրադարանի հայկական ցուցանմուշներուն: Այցի ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պիտի հիւրընկալուի “Ուաշինկթըն Փոստ” թերթի գրասենեակին մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ թերթի խմբագրական խորհուրդին հետ: Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուին հանդիպումներ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ԱՄՆ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Մայիս 7-ին Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի ազգային տաճարին մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջկրօնական աղօթքին եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով: Մայիս 8-ին Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին եւ Յաղթանակի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

Scroll Up