Թուրքիոյ Կրօնական գործերու վարչութեան յանձնարարութեամբ Ղուրանը թարգմանուած է հայերէն

Թուրքիոյ մէջ Կրօնական գործերու վարչութեան յանձնարարութեամբ Ղուրանը հայերէն թարգմանուած է: Այս մասին նախօրէին յայտարարած է Կրօնական գործերու վարչութեան նախագահ Մեհմեթ Գէօրմեզ:
Թրքական memeurlar.net լրատուական կայքի փոխանցմամբ, կը գրէ ermenihaber.am-ը, թարգմանութիւնը կատարած է Անգարայի համալսարանի Լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բաժնի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի մասնագէտ, ասպիրանտ Եաւուզ Այդըն:
Թարգմանութիւնը խմբագրած է Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական Ակօս թերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը: Ղուրանի այս տարբերակի նախապատրաստումը տեւած է երեք տարի: Այն բաղկացած է 10 հատորէ (2.500 էջ):
Թարգմանութիւնը գրաքննուած է “էրճիյէս” համալսարանի Գրականութեան ֆակուլտետի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամբիոնի փրոֆէսոր Ղաֆուր Մեհդիեւի ու էստուկեանի գլխաւորած յանձնաժողովը:
Ընդհանուր առմամբ տպագրուած է Ղուրանի թարգմանութեան 4.000 օրինակ` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներով:
Թարգմանութեան մասին իր կարծիքը յայտնելու ժամանակ` Էստուկեան մասնաւորապէս նշած է. “Ըստիս` սա շատ էական, կարեւոր եւ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն է: Կարեւոր է թէ Աստուածաշունչի եւ թէ Ղուրանի թարգմանութիւնը տարբեր լեզուներով”:

Scroll Up