ԵՄ-ն ԼՂՀ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Տարածած է
Եւրոմիութիւնը հերթական յայտարարութիւնը տարածած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայացած ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ԵՄ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ընտրութիւնը չի կրնար կանխորոշել Լեռնային Ղարաբաղի յետագայ կարգավիճակին հարցը:
«ԵՄ-ն հաստատակամօրէն կ՝աջակցի իրաճիճակին շուրջ շուրջ յառաջընթաց արձանագրելու եւ համընդհանուր խաղաղ բանակցութիւններու հասնելու հարցով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին եւ անոր համանախագահներու ջանքերուն: ԵՄ-ն պատրաստ է յետագային եւս աջակցիլ այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման»,- նշուած է ԵՄ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Մայիս 3-ին արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ համամասնական ընտրակարգով հինգ տոկոսի շեմը յաղթահարած է առաջադրուած 7 կուսակցութիւններէն 5-ը: Ներկայիս իշխող կուսակցութիւնը ստացած է 32.632 ձայն կամ ընդհանուր ձայներուն 47,35 տոկոսը: Ազգային ժողովրդավարական կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 13.105 մարդ կամ ընդհանուր թիւին 19.1 տոկոսը, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը երրորդն է: Դաշնակցութեան օգտին քուէարկած է 12.965 մարդ կամ ընդհանուր թիւին 18,81 տոկոսը: «Շարժում 88» կուսակցութիւնը ստացած է 4777 քուէ կամ 6,93 տոկոս, «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնը ստացած է 3709 քուէ կամ 5,38 տոկոս: