Foreign Policy. Հերքումը կենդանի կը պահէ Ցեղասպանութիւնը

 Foreign Policy-ը կը ներկայացնէ վերմոնթ համալսարանի փրոֆէսոր, վիպասան Դանա Ուոլրաթի յօդուածը: Ըստ հեղինակի` ամերիկացիները, ներգաղթածներու ազգ ըլլալով, քաջատեղեակ են բախումներէն, եւ իր կարծիքով երկիրը անկասկած պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յօդուածը armeniangenocide100.org-ը` մասնակի կրճատումներով, կը ներկայացնէ ստորեւ.

ԱՄՆ եկած հայ գաղթականները կը սիրեն կատակել, թէ նոյնիսկ Ճորճ Ուաշինքթընը հայ էր: Ինչպէս որեւէ կատակի, այնպէս ալ Ամերիկա ներգաղթածի առասպելներու կատակի մէջ կայ ճշմարտութեան չափաբաժին. ամերիկահայերը յակուած են հաւատալու ամերիկեան այն իտէալին, որ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը միաձուլուած են:

2015-ի Ապրիլ 24-ին աշխարհի հայերը յիշատակած են 100-րդ տարելիցը այն պահէն, երբ ցեղասպանութեան ժամանակ օսմանեան թուրքերը համակարգուած կերպով սպաննած էին 1.5 մլն հայեր: 1915 թուականին այդ օրը Կոնստանդնուպոլսի մէջ ձերբակալուած էին, ապա սպաննուած էին հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ եւ հայ համայնքներու առաջնորդներ: Այդ ամէնը կը կատարուէր իբր մեկնելով հայերու անհաւատարմութենէն, որ կարծես թէ կը սպառնար Օսմանեան կայսրութեան անվտանգութեան: Այս պատճառով երիտթուրքերու առաջնորդները Ստամպուլէն հրամայած էին իրականացնել սպանութիւններու եւ մշակութային ոչնչացման արշաւ մը, զոր յաճախ կ’անուանեն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն:

Հայերը կը գնդակահարէին, կախաղան կը բարձրացնէին եւ զանգուածաբար կը գլխատէին. զիրենք կենդանի կ’այրէին սեփական տուներու մէջ, կը բռնաբարէին, խումբերով տեղահան կ’ընէին իրենց բնակավայրերէն եւ կ’ուղարկէին սուրիական անապատի մէջ մահկանացուն կնքելու: Այդ ամէնէն փրկուածները ցրուեցան աշխարհով մէկ:

Մինչ տեղի կ’ունենար այդ ցեղասպանութիւնը, միջազգային հանրութիւնը ժամանակին սկսաւ արձանագրել իր զայրոյթը: New York Times-ի հարիւրաւոր յօդուածներ կ’անդրադառնայինն տեղի ունեցող սարսափներուն: Խաղաղութեան կորպուսի “նախահայր” “մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց” կոմիտէն կը սորվեցնէր 1920-ականներու ամերիկացի երեխաները յիշած “քաղցած հայեր”-ու  մասին: Մինչդեռ ցեղասպանութեան ճարտարապետները, փախչելով միջազգային դատարանէն, բնակութիւն հաստատեցին Գերմանիոյ մէջ:

Քեմալ Աթաթուրքի նոր կառավարութիւնը վերակրթած է իր բնակչութիւնը` ապահովելով երկրի մոնոէթնիկ բնակչութիւնը: Այս մշակութային յեղափոխութիւնը ազդեցիկ կերպով հեռացուց Թուրքիան իր բազմալեզու պատմութենէն. նոր այբուբեն, նորացուած ու խմբագրուած բառարան, այլեւս հայկական որեւէ պատմական կոթող, որեւէ հայ երաժիշտ, գրող կամ նկարիչ: Այլ ազգային փոքրամասնութիւններու` յոյներու, ասորիներու եւ քիւրտերու մշակութային աւանդները արժանացած էին նոյն ճակատագրի: Նոր թրքական հանրապետութեան քարոզչութիւնը այնպիսին էր, ինչպիսին այսօր է. ան մոռացութեան կը մատնէ Ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւնները: Թուրք գիտնական Թաներ Աքչամ ցոյց կու տայ` ինչպէս թրքական դասագիրքերու մէջ կը շրջանցեն Հայոց ցեղասպանութիւնը` անոր վերաբերելով իբրեւ պատմական քաղցկեղի եւ ներսէն գոյատեւման սպառնալիքի:

Ինծի յիշեցուցած էին նման քարոզարշաւի յաջողութեան մասին այն ժամանակ, երբ  ամերիկահայ երիտասարդ մը հարցուց ինծի. “ցեղասպանութիւնը այնքան երկար ժամանակէ ի վեր տեղի ունեցած է, ինչո՞ւ  հայերս  չենք մոռանար այդ մասին: Կարծեմ` անոնք գիտեն պատասխանը, մասնաւորապէս, որովհետեւ ապագայ գացող շարժումը անցեալէն անկեղծութիւն կը պահանջէ: Մենք, աւելի լաւ է, յարգենք, քան թաղենք մեր սխալները, որքան ալ մեծ ըլլանք անոնք: Ֆրանսիսկոս Պապը ընդունած էր այդ մէկը անցեալ ամիս, երբ օսմանեան թուրքերու իրականացուցած հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն որակած էր: Ի պատասխան անոր` Թուրքիան ետ կանչած էր Վատիկանի իր դեսպանը: Մինչդեռ ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիան եւ Աւստրալիան լռելեան կը սատարեն Թուրքիոյ հերքողական քաղաքականութիւնը` վախնալով իրենց համար այդքան կարեւոր ռազմավարական դաշնակցի հաշուեյարդարէն:

Գիտնականները կը համարեն, որ ցեղասպանութիւնը տեղի կ’ունենայ փուլերով, եւ որ բնաջնջումը այդ փուլերէն միայն մէկն է. վերջինը հերքումն է:

Ցեղասպանութիւնը չէ աւարտած, քանի դեռ կը հերքեն զայ: Այս տարի հայերը ոչ միայն կը յիշատակեն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, այլեւ կը խնդրեն վերջ տալ հերքման, որ կենդանի կը պահէ ցեղասպանութիւնը:

Թուրքիոյ նման յամառ ժխտումը կը խօսի ամօթի աւերիչ, հարկադրական զօրութենէն: Սակայն եկէք չմոռնանք, որ գոյութիւն ունի նաեւ առողջ ամօթ: Անցեալի ազնիւ արտացոլումը կրնայ ժամանակին ընկերական հարեւանութեամբ ապրող ժողովուրդները կրկին բերել նման յարաբերութիւններու:

Հաշտեցման նման նպատակ կը հետապնդէր Հրանդ Տինքը. թրքահայ լրագրող, որ սպաննուած էր ստամպուլեան իր գրասնեակի հարեւանութեամբ իր պատմութեան ճշմարիտ հաշուառման ջանքերու պատճառով: Թուրք գիտնականներու, լրագրողներու, արուեստագէտներու եւ գրողներու աճող զանգուածը յաջողած է դուրս գալ “պատմական ճանապարհորդութեան” եւ հասկնալ, որ իրենց սիրելի երկրի առողջութիւնը վտանգուած է: Այդ մարդոց շարքին է Թաներ Աքչամ, Ուգուր Ումիթ Ունգոր, Օրհան Փամուկ, Էլիֆ Շաֆաքը եւ այլք: Մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանը կը պնդէ, որ այդ ամէնը “դժոխային պատերազմի” հետեւանք էր. “առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ անմարդկային հետեւանքներով տեղահանումներու ժամանակ զոհուած են տարբեր կրօնական եւ էթնիկ պատկանելութեան միլիոնաւոր մարդիկ”:

Ի՞նչ կ’ըլլար, եթէ, օրինակ, ԱՄՆ-ն չընդունէր իր ստրկատիրական անցեալը: Կը պատկերացնէ՞ք մեր երեխաներու պատմութեան դասագիրքերը, որոնք կ’անտեսեն հնդկացիներու ներկայութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ նախքան եւրոպացիներու ներգաղթը: Ամերիկացիները գիտեն հիմնաւորուած ամօթանքի ապաքինող զօրութեան մասին, որ մշակոյթներու միջեւ արդիւնաւէտ կապեր կը վերականգնէ, կը վերաբանայ  ֆիզիքապէս փակուած սահմանները: Հրաժարելով նման հնարաւորութիւններէ` հարց կը ծագի. արդեօ՞ք հարիր է քաղաքական կամ ֆինանսական շահերը աւելի վեր դասել, քան պատմական ճշգրտութիւնը:

Տաս տարի առաջ ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Սամանթայ Փաուր կը նշէր, որ ԱՄՆ-ի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերումը կործանարար էր. այդպէս ալ կը մնայ առ այսօր:

Անիկա լուռ հաղորդագրութիւն էր, որ ցեղասպանութիւնը թոյլատրելի է, որ մենք իբրեւ ազգ կարճատեւ ռազմական, քաղաքական ու նիւթական շահերը աւելի բարձր կը դասենք արդարութենէն եւ ճշմարտութենէն: Ժամանակն է զարգացնելու դոկտոր Մարտին Լիւթեր Քինկի առաջադրած սկզբունքը, որուն մասին ան գրած էր նամակի մէջ:

“Անարդարութիւնը որեւէ պահուն եւ որեւէ վայրի մէջ արդարութեան մշտական սպառնալիք է”:

Մենք` ամերիկացիներս, ներգաղթեալներու ազգ ենք: Մենք շատ լաւ գիտենք բախումներու զօրութեան մասին: Մենք գիտենք, որ պատմութիւնը աւելին է, քան երբեմնի անցած իրադարձութիւն, որ մեր փոխյարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ պէտք է յենուին աւելին, քան կարճատեւ ռազմավարական շահերու վրայ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը աւելին է, քան յարգանք ամերիկահայերու նկատմամբ: Անիկա կը համաձայնեցնէ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը արդարադատութեան հետ եւ վերջակէտ կը դնէ այն տպաւորութեանը, թէ մենք պէտք է հետապնդուինք պատմութեան` քաղաքականապէս նպատակային տարբերակը ընդունելով: Ամերիկայի համար խաղաղութեան համար բախումը միշտ արդարութեան ձգտում կը նշանակէր: Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը անվերապահօրէն ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Scroll Up